Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Ասեղնակիտումը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Ռազմիկ Պէօճէքեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2013-ի, առաւօտեան տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն «Ասեղնակիտումը» նիւթով զոր ներկայացուց մարձումի մասնագէտ Ռազմիկ Պէօճեքեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ յիշեց, թէ ասեղնակիտումը շատ հին, ծայրագոյն արեւելեան, չինական փիլիսոփայութեան, աւանդական բժշկութեան մաս կը կազմէ: Այս տեսակի բժշկութեան մասնագէտը յատուկ ասեղներով մարմնին վրայ տարբեր կէտեր ճշդելէ ետք կը բուժէ զանազան ցաւեր եւ հիւանդութիւններ:
Մարձումի մասնագէտ Ռազմիկ Պէօճեքեան սկսաւ դասախօսութեան` բացատրելով, թէ ինչո՛ւ պէտք է գիտնալ ասեղնակիտումի կամ ասեղնաբուժումի մասին:
ա.- Հասկնալու եւ փորձելու, մտահան ընելու համար վախը ասեղնակիտումի մասին:
բ.- Պաշտպանելու եւ պահելու առողջութիւնը:
գ.- Բժշկական բուժումներու մասին ունենալու հասարակաց գիտութիւն:
Խօսելով ասեղնակիտումի մասին` դասախօսը նշեց, որ անիկա կը պատկանի աւանդական չինական բժշկական համակարգին, ուր կան նաեւ ասեղնակիտումին կողքին` բուսական բժշկութիւնը, չինական մարձումը, սննդականոնը եւ վերջապէս հոգեմտաւոր մարզանքը:
Չինական աւանդական բժշկութեան մէջ կան հիմնական երկու բաժիններ` Եին-Եանկն ու հինգ տուեալները` ջուրը, կրակը, հողը, փայտը եւ մետաղը: Ան բացատրեց Եին-Եանկը եւ երկու ծայրերը` սեւ-ճերմակ հասկացողութեամբ, ուր իրար միացած կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն, ճերմակ բաժինին մէջ կայ սեւ կէտ, իսկ սեւ բաժինին մէջ ճերմակ կէտ: Իսկ հինգ նիւթերը եւ անոնց ոչ հաւասարակշռուած առկայութիւնը անհատի մարմինին մէջ, կը յառաջացնեն տարբեր հիւանդութիւններ:
Շարունակելով դասախօսութիւնը` Ռազմիկ Պէօճեքեան բացատրեց «Մերիտիըն Թէորի»-ին տեսութիւնը, ուր 14 զիրար շաղկապող կապեր իբրեւ ցանց կը համակարգեն տարբեր օրկաններ ու անոնց աշխատանքը:
Այս զիրար շաղկապող ցանցը ունի հանդիպման տարբեր կէտեր, որոնք ասեղնաբուժման մէջ կը ներկայանան բուժման հիմնական տարրեր:
Խօսելով հիւանդութիւններու մասին, մասնագէտը նշեց երեք պատճառներ.
ա.- Արտաքին ազդակներ, օրինակ` տաքը, պաղը:
բ.- Ներքին ազդակներ, օրինակ` վախը, ընկճուածութիւնը:
գ.- Զանազան:
Ասեղնակիտումը կրնայ բուժել տարբեր հիւանդութիւններ` հետեւեալ համակարգերուն մէջ.
ա.- Ջղային
բ.- Մարսողական
գ.- Շնչառական
դ.- Ոսկրամկանային
ե.- Մաշկային
զ.- Այլ
Դասախօսը նշեց, որ ասեղնակիտումը ունի նուազագոյն կողմնակի ազդեցութիւններ, նուազ արժող` բաղդատելով այլ միջոցներու, եւ միջազգայնօրէն ընդունուած է իբրեւ բուժման միջոց: Ասեղնակիտումը նկատի չունենալ, երբ անհատը ունի արիւնահոսութեան խանգարումներ, սրտի երակներու հարց եւ շաքարախտաւոր է:
Աւարտին դասախօսը ներկայացուց տասը կէտեր անհատի մարմնին զանազան տեղերուն մէջ. ճնշելով այդ կէտերը, կարելի կ՛ըլլայ ամոքել, բուժել, կանխարգիլել տարբեր հիւանդութիւններ` ստամոքսային, աղիքային, սրտանօթային, մկանային եւ ջղային համակարգերուն մէջ:

