Ճատրակ. Հայրենի Վարպետներուն Մասնակցութիւնը` Եւրոպայի Ախոյեանութիւններուն
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըրներ Գաբրիէլ Սարգսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Զաւէն Անդրէասեան, Կարէն Գրիգորեան եւ քանի մը այլ ճատրակ խաղացողներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի արագ եւ կայծակնային ճատրակի ախոյեանութիւններուն:
Մրցումները պիտի սկսին 13-15 դեկտեմբերին, ժամը 13:00-էն սկսեալ` Երեւանի ժամանակացոյցով:
CATEGORIES Մարզական