Կազմակերպութեամբ ԶՈՄ ԶՈԳ-ի. Հայկական Վարժարաններու Պաքալորէայի Քննութիւններուն Գերազանց Արդիւնք Ապահոված Աշակերտներու Պարգեւատրում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, երէկ` ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու պետական քննութիւններուն գերազանց արդիւնքներ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման աւանդական դարձած ձեռնարկը:

Լոռի Վարդանեան
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Լոռի Վարդանեան, որ յայտնեց, թէ այս հանդիսութեան նպատակն է գնահատել հայ ուսանողներուն յարատեւ եւ անխոնջ աշխատանքը: Իր խօսքը ուղղելով ուսանողներուն` ան շեշտեց, որ անոնց յաջողութիւնը արդիւնքն է ոչ միայն անձնական յարատեւ աշխատանքի, այլ նաեւ իրենց ծնողներուն բարոյական ու նիւթական զոհողութեան եւ աջակցութեան, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն հետեւողական ջանքերուն:
Վարդանեան նաեւ դիտել տուաւ, որ պաքալորէայի քննութիւններուն յաջողութիւնը կեանքի առաջին հանգրուանի յաջողութիւն մըն է, որ պիտի մղէ հայ աշակերտը ձգտելու աւելի բարձրին: Իր խօսքի աւարտին Վարդանեան շեշտեց, որ ՀՅԴ ԶՈՄ-ը տարիներ շարունակ եղած է ու պիտի շարունակէ մնալ հայ ուսանողին կողքին: Իր ուսանողական գրասենեակով ԶՈՄ-ը միշտ պատրաստ է օգնելու բոլորին, որովհետեւ կը հաւատայ, որ երիտասարդութիւնն է, որ կը կերտէ ապագան:


Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Գուրգէն Փափազեան, Լոռի Պիլալեան եւ Արի Վարդանեան:

Տոքթ. Մարալ Կիտանեան
Օրուան բանախօսը` Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Մարալ Կիտանեան, վեր առաւ կարեւորութիւնը հայ դպրոցին, որուն կոչումն է հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել նոր սերունդի զաւակներուն եւ զանոնք պատրաստել դիմագրաւելու զանազան դժուարութիւններ: Ան աւելցուց, որ միայն հայ դպրոցը կրնայ կերտել հայ մարդ` աշակերտին տալով հայեցի դաստիարակութիւն` տրուած ըլլալով, որ միայն հայ դպրոցին մէջ աշակերտը պիտի կարենայ սորվիլ հայոց պատմութիւն եւ հայ գրականութիւն: Տոքթ. Կիտանեան աւելցուց, որ ազգը մարդկային ընկերութեան զարգացման ամէնէն վառ եւ կենդանի շրջանակն է, ուր անհատ մը կրնայ հոգեմտաւոր մարզին մէջ յառաջդիմել:
Ան նաեւ անդրադարձաւ 21-րդ դարու տնտեսական համաշխարհայնացումին, զոր ներկայի սերունդը չի կրնար ժխտել, ուստի պէտք է դիմադրել համաշխարհայնացման վտանգաւոր հետեւանքներուն` պահպանելով ազգային ինքնութիւնը: Տոքթ. Կիտանեան աւելցուց, որ շրջանին մէջ Լիբանանը առաջնակարգ դիրքեր կը գրաւէ իբրեւ որակաւոր ուսման կեդրոն: Ան աւելցուց, որ Լիբանանը իր խօսքի, խղճի եւ մշակոյթի ազատութեան սկզբունքներով առիթ տուած է մեզի կառչած մնալու մեր մշակոյթին եւ պատմութեան:
Իր խօսքի աւարտին տոքթ. Կիտանեան կոչ ուղղեց երիտասարդ սերունդին հեռու չմնալու Լիբանանի պետական-հանրային մարզին մէջ իր ապագան փնտռելու եւ գործի ասպարէզ գտնելու կարելիութենէն: Ան յայտնեց, որ Լիբանանի պետական կառոյցները կը տառապին մարդուժի ահաւոր պակասէ: Ան նկատել տուաւ, որ ուսանող նոր սերունդն է, որ կրնայ լրացնել այդ պակասը:
Տոքթ. Կիտանեան եզրափակեց իր խօսքը` շնորհաւորելով աշակերտները իրենց յաջողութեան առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՅԴ ԶՈՄ-ին` հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսը ըլլալու առիթը իրեն ընծայելուն համար:


Ապա տեղի ունեցաւ պետական քննութիւններուն գերազանց արդիւնքներ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրումը: Պաքալորէայի տարբեր բաժանմունքներէն իւրաքանչիւրին մէջ լաւագոյն արդիւնքը ապահոված աշակերտները ստացան «մինի այ. փետ»-ներ: Այդ աշակերտներն են` Էփի Քիւրքճեան (Հայ աւետարանական քոլեճ), Սագօ Տէր Վարդանեան (Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան), Սարին Չոպանեան (Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան երկրորդական վարժարան), Խաժակ Թապագեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան), Փաթիլ Պէրպէրեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան) եւ Կրեկուար Թորանեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան): Գերազանց արդիւնքներ ապահոված երկրորդ եւ երրորդ դիրքերու վրայ եղած աշակերտները ստացան խորհրդանշական նուէրներ:

