«Ալեքսա» Ձիւնամրրիկը Ուժգնութեամբ Հարուածեց Լեռնային Շրջանները. Լեռնային Բոլոր Ճամբաները` Փակուած Են
Երրորդն օրն ըլլալով Լիբանանը հարուածող ձիւնամրրիկը շարունակեց իր աշխատանքը, սակայն յաւելեալ ուժգնութեամբ այցելեց լեռնային շրջանները, ամէնուրեք տարածելով իր սպիտակը:
«Ալեքսա» ձիւնամրրիկին պատճառած առատ ձիւնին պատճառով, ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-էն ետք փակեցին Տահր էլ Պայտարի միջազգային ճամբան:
Նոյն ուժերը արգիլեցին, որ Աժալթունէն սկսեալ ինքնաշարժները առանց իրենց անիւներուն շղթայ դնելու բարձրանան գիւղերը:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը գիւղական շրջաններուն մէջ հասաւ քաղաքացիներուն օգնութեան` բանալով ճամբաները, օժանդակելով ինքնաշարժներու փոխադրութեան եւ տարբեր կարիքներու ապահովումին:
ՈՒՆԵՐՈՒԱ իր կարգին այցելեց Պեքաա հաստատուած սուրիացի գաղթականներուն` անոնց տրամադրելով օժանդակութիւններ:
Ժեզզինի, Շուֆի, Հասպայայի, Արքուպի, Մերժահիունի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Արեւմտեան Պեքաայի գրեթէ բոլոր ճամբաները մնացին փակ:
Հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան անձնակազմերն ու քաղաքապետարանները ամէն ջանք ի գործ դրին վերաբանալու համար ճամբաները, ինչպէս նաեւ օժանդակելու համար քաղաքացիներուն:
Սայտայի մէջ ջերմաստիճանը հասաւ նուազ տասի. երրորդ օրն ըլլալով կասեցուեցաւ Սայտայի նաւահանգիստին աշխատանքը` առանց յաւելեալ վնասներ պատճառելու: