Ռոնալտօ Տիրացաւ «Ուորլտ Սաքըր» Մարզաթերթի Տարուան` Լաւագոյն Մարզիկի Տիտղոսին

ronaldo13122013«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ տիրացաւ «Ուորլտ Սաքըր» մարզաթերթի 2013-ի տարուան լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին:

Ռոնալտօ, որ առաջին անգամ այս տիտղոսին տիրացած էր 2008-ին, յաջողեցաւ գերազանցել Լիոնել Մեսսին եւ Ֆրանք Ռիպերին, որոնք անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին:

Տարուան լաւագոյն մարզիչի տիտղոսին տիրացաւ Եուփ Հայնքես, իսկ տարուան լաւագոյն խումբը նկատուեցաւ անոր ակումբը` Պայէրն Միւնիխ, նկատի ունենալով, որ ան իր կազմին հետ հեթրիք մը իրագործեց` տիրանալով «Պունտըսլիկա»-ի, «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքերուն տիտղոսներուն:

Share this Article
CATEGORIES