Քիւրտ Ղեկավարը Կը Սպառնայ Վերատեսութեան Ենթարկել Հրադադարի Որոշումը

Ճեմիլ Պայըք
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) քաղաքական թեւը նկատուող Քրտական համայնքներու միութեան ղեկավար խորհուրդի համանախագահ Ճեմիլ Պայըք ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» ամսագիրին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը շարունակէ քրտական խնդիրի լուծման շուրջ իր անգործութիւնը, ապա իրենք կրնան վերատեսութեան ենթարկել մայիսին յայտարարուած հրադադարը:
«Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ նշելով, թէ իրենք կողմ են քրտական խնդիրը ոչ թէ պատերազմի, այլ ժողովրդավարական ձեւերով լուծելուն` Պայըք ըսած է, որ հրադադարին վերջ պիտի դնեն, եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը խնդիրին լուծման շուրջ քիւրտ ղեկավարներուն հետ իր բանակցութիւնները չփոխէ, ըստ ճամբու քարտէսի:
Պայըք դժգոհած է, որ քրտական խնդիրի լուծման հարցին մէջ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ամէն անգամ հարցը կը յետաձգէ մինչեւ ընտրութիւններ, որպէսզի սին խոստումներով կարենայ յաղթանակ ձեռք բերել: Ան ըսած է, որ այս անգամ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պէտք է պաշտօնական բանակցութիւններ սկսելու համար յարմար պայմաններ ապահովէ մինչեւ ընտրութիւններ: Նշելէ ետք, թէ իրենք պիտի չարտօնեն քրտական հարցը օգտագործել մարտավարական շահերու համար, Պայըք ըսած է, որ իրենք մտադիր չեն անգամ մը եւս զոհաբերել Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնը: «Թրքական պետութիւնը քիւրտերը չ՛ընդունիր իբրեւ բնական իրաւունքներու տէր ժողովուրդ», ըսած է ան:
Պայըք այս իրավիճակը Թուրքիան դարձեալ բախումներու ժամանակաշրջան փոխադրող հիմնական ազդակ նկատած է: Նշելէ ետք, թէ քրտական խնդիրը Միջին Արեւելքի մէջ ամէնէն մեծ խնդիրներէն մէկն է, քիւրտ ղեկավարը ըսած է. «Քրտական հարցը շրջանին մէջ անկայունութեան եւ բախումներու պատճառն է: Եթէ Թուրքիան անկայունութիւն եւ բախումներ չի ցանկար, ուրեմն պէտք է լուծէ այս խնդիրը»: