Ռուհանի Կոչ Կ՛ուղղէ Հաւատադրժողականներուն Զէնք Մատակարարող Երկիրները Հաշուետուութեան Կանչելու

Հասան Ռուհանի

Հասան Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ «իրանցի աշխատաւորներու ահաբեկման գործողութիւնները ծրագրուած են, եւ անոնց նպատակը հարուածելն է բոլոր անոնք, որոնք իրաքցի ժողովուրդին բարիք կատարելու մտադրութիւն ունին»:

Ան նշեց, որ «հաւատադրժողական խմբաւորումներուն զէնք մատակարարող եւ զանոնք մարզելու համար զօրանոցներ հաստատող երկիրները պէտք է հաշուետուութեան կանչել»:

Իրանի նախագահը ըսաւ, որ «այս գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ ծայրայեղականներն ու ահաբեկիչները թիրախ կը դարձնեն իրաքցի ժողովուրդի տարբեր հատուածներու նիւթական ու բարոյական շահերը»:

Ան Իրաքի կառավարութեան կոչ ուղղեց այս գործողութիւնները նախատեսելու եւ Իրաքի մէջ գործող իրանեան ընկերութեանց ապահովութիւնը երաշխաւորելու:

 

Share this Article
CATEGORIES