67 ՄԵՍՐՈՊԵԱՆՑԻ ԾԱՂԻԿՆԵՐ ԾԱՂԿԵՑՈՒՑԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶԸ
Շաբաթ, 11 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ, աւելի քան 900 ներկաներու առջեւ մանկապարտէզին հրաժեշտի հանդէսով ներկայացան Ծաղիկ դասարանի 67 աշակերտներ` Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանցիներուն հետ միասնաբար:
Օրուան յայտագիրը մեկնարկեց աշակերտներուն բեմ մուտքով եւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներու կատարումով:
Այնուհետեւ հանդէսին բացման խօսքը փոխանցեցին աշակերտներ Ցոլեր Գաճաօղլանեան, ժիւլիա Քէօշկերեան, Կարէն Ներսէսեան եւ Բալիկ Տօնիկեան:
Բացման խօսքին յաջորդող Ծաղիկ դասարաններու զոյգ խմբերգներէն ետք խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: Տնօրէնը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք ժամանակին ցանեցինք առողջ հունտեր եւ այսօր վստահ ենք, որ այդ հունտերուն տուած բերքը բարեբեր է»: Խօսքը ուղղելով ծնողներուն` տնօրէնը ըսաւ. «Այսօր առիթն է, որ իմ խորին շնորհակալութիւնները յայտնեմ ձեզի` մեր կրթօճախին հանդէպ ձեր տածած վստահութեան համար: Այդ վստահութիւնը մեզ կը գօտեպնդէ, որպէսզի դէպի առաջ նայինք հաւատքով ու յաւելեալ թափով եւ եռանդով լծուինք մեր ծրագիրներու իրագործման դժուարին, բայց միեւնոյն ատեն արգելք չճանչցող աշխատանքներուն: Մենք ամէն ինչ ըրած ենք եւ դեռ պիտի ընենք աւելի բարձրացնելու համար մեր վարժարանին ընդհանուր մակարդակը: Այդ մէկուն պիտի հասնինք միասնաբար` ձեռք-ձեռքի տուած: Եւ այդ մէկը պիտի սկսինք դպրոցի «հիմնաքարէն»` մանկապարտէզէն»:
Տնօրէնի խօսքի աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն յաջորդեց գեղեցկօրէն պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը` կատարողութեամբ մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտութեան:
Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ մանկապարտիզպանուհի Մարիա Պէօճեքեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով օժանդակած էին այս հանդէսի պատրաստման աշխատանքներուն: Ան նաեւ գեղեցիկ ծաղկեփունջերով պատուեց մանկապարտէզի ուսուցչուհիները` ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին անոնց տարած քրտնաջան աշխատանքին համար, յայտնելով իր երախտագիտական զգացումները:
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ