ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔԱՍՍԱՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿՐԻՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Նախագահ Սլէյման եւ Քասսար

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան տնտեսութեան նախարար Ատնան Քասսարը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը:

Քասսար նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց նաեւ յառաջիկայ 13 մայիսին Պէյրութի մէջ արաբական-գերմանական տնտեսական համագումարի մը կայացման նախապատրաստական աշխատանքները:

Նշենք, որ այդ համագումարը պիտի հովանաւորէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ վառելանիւթի կայաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքս, որուն ընկերակցեցաւ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այդ կայաններու սեփականատէրերուն իրաւունքները, ինչպէս նաեւ այդ մարզը կազմակերպելու հեռանկարները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Փարակուէյի դեսպան Հասան Խալիլ Տիան, որ նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, Կիներու միջազգային օրուան առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շնորհաւորեց կիները` շեշտելով, որ անոնք գուրգուրանքի եւ նուիրումի խորհրդանիշներն են, զոհողութեան տիպար օրինակները, ինչպէս նաեւ մնայուն կերպով կը մնան մայրը, քոյրը եւ դաստիարակը:

Այս առիթով նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ընկերային կեանքին մէջ կիներուն դերակատարութիւնը ամրապնդել եւ պէտք է անպայման վերջ տալ անոր դէմ կիրարկուած խտրականութեան:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց երկու սեռերու հաւասարութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ լիբանանցի կիները իրաւունք պէտք է ունենան մասնակից դառնալու կեանքի բոլոր մարզերուն` ներառելով նաեւ քաղաքական մարզը:

Հանրապետութեան նախագահը ընդհանուր առմամբ ողջունեց արաբ կիները եւ յատկապէս լիբանանցի կիները, որոնք էին եւ կը մնան պայքարի խորհրդանիշը, ինչպէս նաեւ հիմնական խորագիր մը` ընկերային կեանքի կազմակերպումին:

Share this Article
CATEGORIES