Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Կ’այցելէ Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճ

IMG_7674Ազգային վարժարաններ իր անդրանիկ այցելութեան ծիրին մէջ, երէկ, առաւօտեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան այցելեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ, ընկերակցութեամբ Ազգային ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Եագուպեանի եւ Ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անդոյեանի:

IMG_7621Քոլեճին մուտքին, առաջնորդը դիմաւորուեցաւ քոլեճին տնօրէնութեան, խնամակալութեան, տիկնանց յանձնախումբին եւ երկրորդականի աշակերտութեան կողմէ: Տեղի ունեցաւ աւանդական աղ ու հացի օրհնութիւն, որմէ ետք առաջնորդը առաջնորդուեցաւ տեսչարան, ուր առիթը ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու կրթական հաստատութեան այսօրուան իրավիճակին եւ ծրագիրներուն:

IMG_7703Ապա, քոլեճին հանդիսասրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեան մը ընթացքին, քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի մեծ ընտանիքին անունով ողջունեց առաջնորդին այցելութիւնը` մաղթելով, որ օրհնաբեր եւ արդիւնաբեր այս այցելութիւնը նոր սկիզբ մը նշէ կրթական այս հաստատութեան վերելքին եւ զարգացման մէջ:

Քոլեճի անցնող 50 տարուան վաստակին մասին խօսելով` տնօրէն Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս մեր գաղութին արիւնատար երակներէն մէկն է: Ան տեւական երիտասարդ ու յանձնառու մարդուժ կը հայթայթէ մեր կառոյցներուն եւ ազգային հաստատութիւններուն: Քոլեճը իր յաջողութիւններուն համար շատ բան կը պարտի Լիբանանի թեմի յաջորդական առաջնորդներուն, որոնք միշտ ալ յատուկ ուշադրութեան արժանի նկատած են զայն, իբրեւ Պուրճ Համուտի Ազգային միակ երկրորդական վարժարան:

Տնօրէն Վիգէն Աւագեանի խօսքէն ետք, աշակերտներ առաջնորդին իրենց երախտիքն ու գոհունակութիւնը յայտնեցին գեղարուեստական պատշաճ յայտագիրով: Նաթալի Քելխաչերեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Հա՛յր, օրհնէ՜…»-ն, Դրօ Միրզայեան երգեց «Հայր իմ մանկուց», Ռիթա Կրակեան արտասանեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Քիչ ենք»-ը, Նենսի Սոլաքեան ներկայացուց մենապար մը («Ղարաբաղի եղնիկ»), իսկ Անժելինա Սարգիսեան արտասանեց Համաստեղի «Հայու ոգին»:

Այնուհետեւ, հայրական իր պատգամը տալու հրաւիրուեցաւ առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

IMG_7713Առաջնորդը յայտնեց, որ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին ան առիթը ունեցած է ծանօթանալու գաղութի երէց սերունդին, այսօր հասած է պահը ծանօթանալու կրտսեր սերունդին, որ մեր վաղուան երաշխիքն է: Այսօր գիտութիւն եւ կրթութիւն ամբարող մատղաշ սերունդը վաղը պիտի առաջնորդէ մեր կեանքը եւ ինք պիտի ըլլայ պատասխանատու դիրքերու վրայ:

Իր պատգամին մէջ առաջնորդը նշեց, որ պատահական չէ Ազգային վարժարաններ այցելութեան շարքը Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն սկսիլը, որովհետեւ քոլեճը լիբանանահայութեան սրտին` Պուրճ Համուտի մէջ գտնուելով ունի իւրայատուկ նկարագիր եւ մթնոլորտ, որուն պերճախօս արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ օրուան գեղարուեստական յայտագիրը: Այս առաջին այցելութիւնն է, յառաջիկային պիտի կատարուին յաւելեալ այցելութիւններ` աշակերտութեան հետ կենդանի շփման մէջ մտնելու եւ նոր սերունդի մտահոգութիւններուն եւ սպասումներուն մօտէն ծանօթանալու համար, եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

Աւարտին, առաջնորդը աշակերտութեան հրաժեշտ տուաւ կրթական կեանքի նորանոր յաջողութիւններու ակնկալութեամբ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )