Դահուկարշաւ. Փոքր Երկիրներու Ախոյեանութիւն. Շամուն Եւ Ֆինիանոս Պիտի Ներկայացնեն Լիբանանը

skii1612Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ 16-20 դեկտեմբերին Սերպիոյ մէջ տեղի ունենալիք փոքր երկիրներու դահուկարշաւի 2013-ի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Լիբանան:

Սերպիա մեկնած լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Նաժի Խալիլ: Իսկ ախոյեանութեան մասնակցողներն են Լիբանանի ախոյեաններ Ճեքի Շամուն եւ Թարեք Ֆինիանոս:

Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը մասնակցող դահուկորդներուն համար պիտի ըլլայ կարեւոր` նկատի ունենալով որ անոնք կէտեր կրնան ապահովել 2014-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն գծով:

 

Share this Article
CATEGORIES