35 ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ԵՏՔ ԿՐԱՆԱՏԱ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԼԱ ԼԻԿԱ
1975-1976 տարեշրջանի աւարտին Լա լիկայէն Բ. դասակարգ փոխադրուած Կրանատա նախորդ շաբաթավերջին Սպանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի աւարտականի դարձի մրցումին թէեւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Էլչէի հետ, սակայն օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն օգտուելով վերադարձաւ Լա լիկա` 35 տարուան սպասումէ մը ետք:
Այսպիսով, անիկա Բ. դասակարգի ախոյեան Ռէալ Պեթիսի եւ փոխախոյեան Ռայօ Վայեքանոյի հետ 2011-2012 տարեշրջանին պիտի մասնակցի Լա լիկային:
Կրանատա, որ ոչ մէկ յիշատակելի տիտղոսի տիրացած է, վեց տարի առաջ մաս կը կազմէր Դ. դասակարգի ախոյեանութեան:
CATEGORIES Մարզական