«Սաժես» Համալսարանին Մէջ . Ուսանողներուն Հետ Հանդիպելով` Էխհորեսթ Վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան Զօրակցութիւնը Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Եւ Կառավարութեան Կազմութեան
«Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ օգնել Լիբանանին, այլազանութեան այս օրինակին», յայտարարեց Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ` «Սաժես» համալսարանի ուսանողութեան հետ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին:
Ան շեշտեց, որ «կարեւոր է յարգել սահմանադրական հոլովոյթի ժամկէտը եւ երաշխաւորել կարծիքի եւ արտայայտութեան ազատութիւնը»:
CATEGORIES Լիբանանեան

