ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՌՈՊԵՐԹ ԶԵՊԵԼԵԱՆԻ ՆՇԱՆԱԿԱԾ ԿՈԼԸ ՏԻՆԱՄՕ ՄԻՆՍՔԸ ՊԱՐՏՈՒԹԵՆԷ ՉՓՐԿԵՑ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Տինամօ Մինսք 5-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Կոմելէն` վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
Հակառակ անոր որ Ռոպերթ Զեպելեան 76-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց, սակայն այդ կոլը իր կազմը պարտութենէ չփրկեց, որովհետեւ արդէն իսկ մրցումը կ՛ընթանար 4-0 արդիւնքով:
15-րդ հանգրուանի մրցումներուն (24 յունիսին) Ռոպերթ Զեպելեանի կազմը պիտի հիւրընկալէ ՊԱԹԷ Պորիսովը:
CATEGORIES Մարզական