Կաթուզօ Կ՛ամբաստանուի Մրցումներու Արդիւնքներուն Հետ Խաղացած Ըլլալու Յանցանքով

Կենարօ Կաթուզօ

Կենարօ Կաթուզօ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ եւ Ա. Սէ. Միլանի միջնապահ Կենարօ Կաթուզօ կ՛ամբաստանուի բազմաթիւ մրցումներու արդիւնքներուն հետ խաղացած ըլլալու յանցանքով, այսինքն` մրցումներ գնած ըլլալու յանցանքով:

Ան այժմ մանրակրկիտ հարցաքննութեան կ՛ենթարկուի 2009-էն ի վեր աւելի քան 30 մրցումի գծով, թէեւ ան կը մերժէ ընդունիլ, թէ նմանօրինակ արարք կատարած է: Ան կ՛ըսէ, թէ ինք նոյնիսկ տեղեակ ալ չէ, թէ ի՛նչ ձեւով կարելի է մրցումներու արդիւնքներուն հետ խաղալ:

Նշենք, որ 35 տարեկան Կաթուզօ նախորդ սեպտեմբերին պաշտօնանկ եղաւ «Սերի Պի.»-ի խումբերէն Փալերմոյի կողմէ` իբրեւ մարզիչ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:

Կաթուզոյի նման հարցաքննութեան կանչուած է նաեւ Լացիօ Ռոմայի, Ա. Սէ. Միլանի եւ Ինթեր Միլանի նախկին մարզիկ Քրիսթիան Պրոքի:

Share this Article
CATEGORIES