Ինչպէ՞ս Հոգ Տանիլ Եղջերուներուն
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Սամի ցեղախումբին մանուկները ո՛չ միայն գրել եւ կարդալ կը սորվին, այլ նաեւ` եղջերուներու բուծանում, յատուկ դպրոցի մը մէջ:
Եթէ դուն տունը շնիկ մը ունիս, վստահաբար գիտես, թէ որքան դժուար է զայն դուրս հանել պտտցնելու ցուրտ օդին: Հետեւաբար կրնաս երեւակայել, թէ որքա՛ն աւելի դժուար կ՛ըլլայ ընտանիքի մը համար եղջերուներուն հօտը պահել Արքթիքի բեւեռային շրջաններուն մէջ:
Եոհան Անթէ Պուլժօ եղջերուներուն հոգ տանիլ սկսած է 10 տարեկանէն, սորված է իր ազգականներէն: Սակայն երկրորդական ուսումի ժամանակ արձանագրուեցաւ Սամի Հայ Սքուլ էնտ ռէյնտիր մանաճմընթ Սքուլ Քոթեքէյնայի մէջ, Նորվեկիա: Հոն ան միացաւ ուրիշ պատանիներու` սորվելու համար եղջերուներու բուծանում, որ սամի մշակոյթի աւանդութիւն մըն է:


Ամբողջ սերունդներ Եոհանի ընտանիքը, ինչպէս նաեւ ուրիշ բազմաթիւ անձեր, սամի ցեղախումբին մէջ, որ կ՛ապրի Նորվեկիոյ, Շուէտի, Ֆինլանտայի եւ Ռուսիոյ պզտիկ բաժինի մը մէջ, եղջերուներ բուծանելով` թափառաշրջիկ ապրած են: Անոնք ապաւինած են այս դիմացկուն անասունին` իրենց ուտելիքին, հագուելիքին եւ տեղափոխութեան համար: Անոնք ձմրան հօտը կը տեղափոխեն դէպի ծովեզերեայ շրջանները, գարնան, հոն, էգ եղջերուներուն ձագուկները կը ծնին: Սամի ժողովուրդը նման է Ամերիկայի քաու-պոյներուն, միայն անոնք կը պառկին Լաավու կոչուած կլոր վրաններու մէջ եւ, ձիերու փոխարէն ձիւնի ինքնաշարժներ կը գործածեն եղջերուները հաւաքելու համար:
Սամի հայ սքուլ երկրորդական դպրոցը ուրիշ դպրոցներու նման է. հոն աշակերտները կը սորվին գրականութիւն, թուաբանութիւն եւ գիտութիւն: Սակայն որովհետեւ բազմաթիւ պատանիներ հետագային պիտի ստանձնեն իրենց ընտանիքին հօտին խնամքը, անոնք ունին նաեւ … եղջերուներու դասի պահը: Անոնք կը կարեն եղջերուի մորթէ վերարկուներ, գլխարկներ, ձեռնոցներ, եղջերուներով եւ ոսկորներով դանակներ կը շինեն: Անոնք կը սորվին նաեւ ինչպէս հողերը վարել եւ հոգ տանիլ ձիւնի ինքնաշարժներուն: Եղջերուներու հետ աշխատելու համար պէտք է տարբեր բաներ ընել գիտնալ` ինքնաշարժներ նորոգել, հօտը ղեկավարել եւ համբերատար ըլլալ:
Դպրոցական արձակուրդներուն աշակերտները կը միանան իրենց միշտ շրջող ընտանիքներուն, եւ իրենց սորված նոր գիտելիքները կը փորձեն գործադրել: Եոհան կը սիրէ յատկապէս ամառուան շրջանին տեղի ունեցող «նշանակումի» օրը, երբ եղջերուներու ձագուկներուն մորթին վրայ ընտանեկան նշանը կը տպուի:
Ասիկա շատ հին սովորութիւն մըն է, որ սերունդները կը ժառանգեն իրենց պապերէն: Եոհանն ալ իր ընտանեկան նշանը ժառանգած է, սակայն ան փոքրիկ փոփոխութիւններ մտցուցած է անոր մէջ` զայն անձնականացնելու համար:
* * *
Պատանի Սամիներուն Առօրեայէն
Ուտելիք – Եղջերուի միս, ձուկ, գետնախնձոր, սունկ, վայրի կարոս:
Տուն – Լաավու, հնդիկներու թիփիներուն նման կլոր վրան մը:
Աշխատանքներ – Ճաշ եփել, աման լուալ, պահեստները հաշուել, եղջերուները խնամել:
Հագուելիք – Կաքթի` պայծառ գոյներով բարձր օձիկով, ձեռագործով ծածկուած լայն մեծ շապիկ մը, եջերուի մորթի կաշիով վերարկուներ եւ գլխարկներ:
Ձեռային Աշխատանք
Կաղանդի Զարդարանքներ
Ա.- Ձիւնէ փաթիլներ

Այս ձիւնէ փաթիլները կրնաս գործածել Կաղանդի ծառդ զարդարելու կամ պատուհանիդ վրայ փակցելու համար:
Պէտք ունիս` Գաւաթի մը, ճերմակ թուղթի մը, մատիտի, մկրատի, խէժի, փայլուն փոշի:
Բացատրութիւն`

1.- Գաւաթը դիր ճերմակ թուղթին վրայ եւ մատիտով մը գծէ անոր շրջագիծը: 2.- Գծած շրջանակդ կտրէ: Առաջին անգամ մը երկուքի ծալէ, եւ ապա դարձեալ ծալէ երկուքի:

3.- Պզտիկ ձեւեր կտրէ անոր երեք կողմերուն վրայէն: 4.- Թուղթը բաց եւ ձիւնի փաթիլիդ վրայ փայլուն փոշի փակցուր:
Բ.- Կաղանդ պապան եւ իր տոպրակը
Կրնաս գործածել այս Կաղանդ պապան` իբրեւ զարդ սեղանին վրայ, եւ կամ անոր վրայ թել մը անցնելով` զայն կախել Կաղանդի ծառիդ վրայ:
Պէտք ունիս` Խաւաքարտէ պզտիկ խողովակի մը, մատիտի մը, ճերմակ թուղթի մը, մկրատի, խէժի, ջրաներկի, բամպակի, բարակ խաւաքարտի կտորի մը` Կաղանդ պապային տոպրակին համար:
Պատրաստութիւն`


1) Կաղանդ պապային գլխու եւ գլխարկին բաժինը ընդօրինակէ ճերմակ թուղթին վրայ: Մելան մատիտ ներկելով կամ ջրաներկով գլխարկի բաժինը կարմիր ներկէ: Զայն կտրէ:


2.- Խաւաքարտէ խողովակը ջրաներկով կարմիր ներկէ: 3.- Գլխու բաժինը դուրսէն փակցուր խողովակին վրայ: Ձգէ, որ չորնայ:

4.- Կաղանդ պապային դէմքին մանրամասնութիւնները գծէ, ինչպէս նաեւ` վերարկուին կոճակները: 5.- Բամպակ փակցուր Կաղանդի պապային մօրուքին եւ գլխարկին ծայրին վրայ:


6.- Բարակ խաւաքարտի կտորը երկուքի ծալէ: Մէկ կողմին վրայ, ծալուած կողմէն սկսելով, գծէ տոպրակը: Զայն ներկէ եւ կտրէ: Տոպրակը դիր Կաղանդ պապային մօտը:
Խոհագիր
Կաղանդի Անուշեղէններ
Ա.- Թրիւֆ
Թրիւֆները պզտիկ, համով քաղցրեղէններ են քաքաոյով պատուած: Աւանդութիւն է Կաղանդին թրիւֆ հրամցնել կամ նոյնիսկ պզտիկ տոպրակի մը մէջ դրուած եւ անուշիկ ժապաւէնով մը զարդարուած` զանոնք նուիրել:
Պէտք ունիս (6 հոգիի համար, մօտաւորապէս 25 թրիւֆ) 200 կրամ սեւ տուրմի` անուշեղէնի յատուկ, 15 սանթիլիթըր հեղուկ քրեմի, 25 կրամ կարագի, 50 կրամ ոչ անուշ փոշի քաքաոյի:
Պատրաստութիւն

2.- Կաթսայի մը մէջ տուրմը եւ կարագը միասին հալեցուր` մեղմ կրակի մը վրայ դգալով մը խառնելով:

1.- Տուրմը եւ կարագը պզտիկ կտորներու վերածէ:

4.- Ձգէ, որ խառնուրդը պաղի եւ ապա զայն սառնարանին մէջ դիր նուազագոյնը 3 ժամ:

3.- Երբ տուրմը կակուղնայ, կաթսային մէջ աւելցուր քրեմը: Լաւ խառնէ եւ ապա այս խառնուրդը խորունկ ամանի մը մէջ պարպէ:

6.- Քաքաոն պնակի մը մէջ դիր: Տուրմի իւրաքանչիւր գունդ գլորէ պնակին մէջ` զայն քաքաոյով պատելու համար:

5.- Սուրճի դգալով մը քիչ մը կարծրացած տուրմ առ: Զայն արագօրէն ափերուդ մէջ կլորցուր:

– Թրիւֆները սառնարանէն հանէ հրամցնելէ 10 վայրկեան առաջ: Կրնաս զանոնք երեք օր պահել սառնարանը:

7.- Թրիւֆները գեղեցիկ պնակի մը մէջ շարէ եւ զանոնք դարձեալ սառնարանը դիր մինչեւ հրամցնելու ժամանակ:
Բ.- Կաղանդի ծառի քուքի
Այս Կաղանդի ծառի ձեւով քուքիները պատրաստելը շատ հաճելի է… ինչպէս նաեւ` զանոնք ուտելը: Կրնաս չափահասէ մը խնդրել, որ քեզի օգնէ:
Պէտք ունիս` 110 կրամ կակուղցած կարագի, 110 կրամ շաքարի, 1 մեծ հաւկիթի` 2 թէյի դգալ ջուրով զարնուած, քիչ մը վանիլի, 275 կրամ ալիւրի, մեծ պտղունց մը պէյքինկ փաուտըրի, պտղունց մը աղի, վրան քսելու համար` փոշի շաքարի եւ ջուրի:
Պատրաստութիւն`

1.- Շաքարը եւ կարագը միասին զարկ փայտէ դգալով մը կամ մեքենայով, մինչեւ որ խառնուրդը կակուղնայ եւ քրեմի նման ըլլայ:
2.- Հաւկիթը զարկ ջուրին հետ եւ վրան աւելցուր վանիլը:

3.- Հաւկիթը աւելցուր շաքարին եւ կարագի խառնուրդին վրայ, խառնէ

4.- Ալիւրը եւ պէյքինկ փաուտըրը եւ աղը մաղելով` խառնուրդին վրայ աւելցուր: Իրարու լաւ խառնէ, մինչեւ որ խմորի նմանի:

5.- Խմորը փաթթէ թափանցիկ քլինկ ֆիլմի կտորով մը եւ ձգէ, որ պաղի սառնարանին մէջ 30 վայրկեան: Փուռը վառէ 180 աստիճանի վրայ:


6.- Աշխատանքի սեղանիդ վրայ քիչ մը ալիւր սրսկէ, ինչպէս նաեւ` փայտէ գլանին վրայ: Խմորդ բաց եւ Կաղանդի ծառի կաղապարով մը քուքիները կտրէ: 7.- Փուռի ապսէի մը մէջ քիչ մը կարագ քսէ եւ ալիւր սրսկէ եւ վրան շարէ քուքիները: Զանոնք եփէ 10 վայրկեան: Փուռէն հանելէ ետք զանոնք հանէ ափսէին մէջէն եւ ձգէ, որ պաղին: 8.- Փոշի շաքարը քիչ մը ջուրով խառնէ (կրնաս նաեւ մէջը ուտուելիք ներկ դնել) եւ զայն քսէ ծառերուն վրայ: Ծառերը զարդարէ շաքարէ գոյնզգոյն գնդիկներով:
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել նամակատուփին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել թզուկին համապատասխանող շուքը:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել այն եղջերուն, որ տարբեր է միւս եղջերուներէն:

Կրնա՞ս օգնել Կաղանդ պապային` գտնելու համար եղջերուին կորսնցուցած զանգակները:

