Եուրօ-2020-ի Համար. 80-Էն 100 Միլիոն Ամերիկեան Տոլար Անհրաժեշտ Է Հայաստանի


Ինչպէս ծանօթ է, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն մտադիր է Եուրօ-2020-ը կատարել տարբեր երկիրներու 13 քաղաքներու մէջ: Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հանդիպում մը կ՛ուզէ հիւրընկալել նաեւ Հայաստան:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը առաջադրած է Հրազդան մարզադաշտին թեկնածութիւնը:
Իր ունեցած պատկերասփռուած հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան ըսաւ, որ այս գծով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-էն ստացած է յատուկ մեծ թղթածրար մը, ուր մանրամասն տեղեկութիւններ կան հիւրընկալ քաղաքին թեկնածութիւնը յաջողցնել կարենալու համար:
Հիմնական հարցը մարզադաշտին միջազգային չափերուն համապատասխանելն է:
Ան ըսաւ, որ եթէ Հրազդան մարզադաշտը կ՛ուզէ միջազգային մակարդակին հետ համեմատուիլ, այդ նպատակի իրագործման համար կը պահանջուի 80-էն 100 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Ֆետերասիոնը ցարդ կը քննարկէ, թէ արդեօք կարելի՞ է նման մեծ ներդրումի մը իրականացումը:

