«Մոսկուայի Հետ Գոյացած Համաձայնութենէն Ետք Միջազգային Դրամական Ֆոնտէն Փոխատուութեան Կարիք Չունինք» Ըսաւ Ազարով

Նիքոլայ Ազարով
Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարով յայտնեց, որ իր երկիրը Ռուսիոյ հետ գոյացած համաձայնութենէն ետք այժմ Միջազգային դրամական ֆոնտէն փոխատուութեան կարիք չունի: Ըստ Ռուսիոյ հետ գոյացած համաձայնութեան, Մոսկուա պիտի գնէ ուքրանական կառավարութեան 15 միլիառ տոլար արժողութեամբ բաժնետոմսերը:
Ան յայտնեց, որ «Ուքրանիա ռուսական դրամական այս օժանդակութեան 3 միլիառ տոլար արժողութեամբ առաջին բաժինը պիտի ստանայ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին, իսկ ռուսական կողմը ուքրանական բաժնետոմսերու 12 միլիառ տոլար արժողութեամբ մնացեալ բաժինը պիտի գնէ յառաջիկայ տարի»:
Gazeta.ru` յղում կատարելով «Ուքրայինսքայա փրաւտա» օրաթերթին, հաղորդեց, որ Ազարովի կարծիքով, Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին վրայ աշխատանքները դադրեցուցած է ամանորեան տօներուն պատճառով:
Ուքրանիոյ վարչապետը այդ յայտարարութիւնը կատարած է ուքրանական «Ինթեր» պատկերասփիւռի կայանէն: «Ես չեմ կարդացած, թէ ինչ ըսած է պարոն Պարոսոն (Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը. «Ա.»), սակայն ես շատ լաւ գիտեմ եւ տեղեակ եմ բոլոր բանակցութիւններէն, որոնք կը վարուին: Եւ բառացիօրէն երէկ զրոյցներ տեղի ունեցած են Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի, Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի հետ», ըսած է Ազարով:
«Կրնայ ըլլալ, որ Պարոսոյի վրայ ազդած են ամանորեան տօները: Եւրոպայի մէջ ամսուան 23-էն արձակուրդներ են ամէնուր: Ամսուան 23-էն 7-8 յունուար այնտեղ որեւէ մէկու հետ խօսիլ կարելի պիտի չըլլայ: Եւրոպան Եւրոպա է», աւելցուցած է ան:
Նախապէս Ուքրանիոյ փոխվարչապետ Եուրի Պոյքօ յայտարարած էր, որ ռուսական գինի նուազումը ռուս-ուքրանական յարաբերութիւններուն մէջ առաջնահերթ է:

