«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՊԻՏԻ ՀԱՍՏԱՏԷ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ-ԲԱՆԱԿ-ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՌԵԱԿ ՏԱՐԱԶԸ» Կ՛ԸՍԷ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Պինա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի նորակազմ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ մշակելու համար աշխատանքային իր ծրագիրը: Ան աւելցուց, որ աշխատանքային ծրագիրը պիտի վերահաստատէ ժողովուրդ-բանակ-Դիմադրութիւն եռեակ տարազը, ինչպէս նաեւ պիտի ընդգծէ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան նկատմամբ Լիբանանի յանձնառութիւնը:
Խօսելով կառավարութեան մասին` երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ կառավարութիւնը ընկերային եւ տնտեսական առումով ներքին մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի` աւելցնելով նաեւ, որ փտածութեան բոլոր թղթածրարները պէտք է բանալ եւ հարցերը միանգամընդմիշտ լուծել:
Կառավարութեան դիմագրաւելիք արտաքին մարտահրաւէրներուն ծիրին մէջ Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամերիկեան ճնշումներու դէմ յանդիման պիտի գտնուի, որովհետեւ Ուաշինկթըն Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին կառչած կը մնայ` Լիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու նպատակով:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ներկայ կառավարութեան մէջ Թրիփոլիի ներկայացուցչութիւնը աննախընթաց է այն առումով, որ վարչապետը եւ կառավարութեան մէջ չորս նախարարներ Թրիփոլիի շրջանէն են:
Բագրատունի խստիւ դատապարտեց անցեալ ուրբաթ երեկոյեան Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները, որոնք պատճառեցին զոհեր եւ վիրաւորներ: Ան ընդգծեց, որ պէտք է վերջ տալ համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններուն, որովհետեւ եթէ Թրիփոլիի մէջ նման բախումներ բռնկին, անոնք կրնան տարածուիլ նաեւ լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ:
«Երկրին ապահովութիւնը խախտող յանցագործներուն նկատմամբ թոյլ կեցուածք պէտք չէ ցուցաբերել եւ Թրիփոլիի միջադէպերը պատճառող կողմերը պէտք է պատժուին, որովհետեւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը երկրին ապահովութենէն կու գայ, իսկ լիբանանեան բանակը կարմիր գիծ է», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ կառավարութիւնը հարիւր առ հարիւր լիբանանեան կառավարութիւն է` ընդգծելով միաժամանակ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ կառավարութեան կազմութեան գծով այդքան անակնկալի գալու հակազդեցութիւնը անըմբռնելի է, մանաւանդ նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի առաջին կառավարութիւնը եւս միագոյն էր: