Մահը Իբրեւ Ստեղծագործական Սկիզբ…

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Էութեամբ պոռնիկ կին գոյութիւն չունի, պոռնիկի խառնուածք ունեցող տղամարդիկն են, որ կ’այլասերեն զանոնք:

ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

Այնքան Ատեն, Որ Կիներու Վարկն Ու Իրաւունքը
Փոլ Կիրակոսեանի Նման Պաշտպանող
Մեծազդեցիկ Արուեստագէտներ Կան,
Կիները Մտահոգուելու Պէտք Չունին

«Նստած կինը անապատին մէջ»

«Նստած կինը անապատին մէջ»

Եթէ ոչ շարադրանքը, ապա այս ասոյթին իմաստն ու բովանդակութիւնը ուղիղ կը համեմատին Միխայիլ Նայիմէի արտայայտած մտքին հետ: Միխայիլ Նայիմէն ու իր նման շատեր ատենին ոչ միայն բարձր գնահատեցին Կիրակոսեանին արուեստը, այլեւ շեշտը դրին անոր մարդասիրական եւ կատարողական բացառիկ կարողականութեան վրայ: Իսկ Կիրակոսեանի արուեստին մարդասիրական բնոյթը տղամարդէն առաջ պայմանաւորուած է կին կերպարի կերտումով, ուր իգական սեռը  կը մեծարուի եւ կը գնահատուի իբրեւ կեանքի աւիշ ու ստեղծագործ սերմ:

Թերեւս չկայ կերպարուեստագէտ մը, որ յօրինած եւ կամ անդրադարձ չըլլայ կին կերպարի բացայայտման: Սակայն չափազանց  քիչ են այն գեղանկարիչները, որոնք քանի մը (երբեմն միայն մէկ) վրձնահարուածներով կրնան կերտել կազմաւորուած կերպարներ: Այդ չափազանց քիչ գեղանկարիչներէն մէկը  անկասկած որ Փոլ Կիրակոսեանն է:

Կին էակի հանդէպ բացառիկ սէր ու ակնածանք տածող այս արուեստագէտին կերտած  կերպարները, բարոյական եւ կամ հպարգելքներէ (թապու) ձերբազատած ու հաճոյամոլ կիներ չեն, այլ մարդասիրական գաղափարական լիցք ունեցող ու անոր համապատասխան կեանքի հանդէպ բարոյական կեցուածք որդեգրած այն էակներն են, որոնք կա՛մ մայրանալու ընդունակ պարմանուհիներ են, կա՛մ կեանքի շարունակականութիւնը ապահոված մայրեր եւ կա՛մ ալ տոհմին նեցուկը հանդիսացող տանտիկիններ: Փոլ Կիրակոսեանին կերտած կին կերպարներու հոգեկան ներքին ամրութիւնը պայմանաւորուած է նախ անոնց կեանքին փորձութիւններու մէջ տաղուած ըլլալու եւ ապա իրենց արժանապատուութիւնը բարձր պահելու վճռակամութենէն: Նոյնիսկ երբ ան կը պատկերէ մերկուհիներ եւ պարուհիներ, զանոնք չի ներկայացներ իբրեւ անասնական բնազդներով տարուած այլասերածներ, այլ  հրապուրիչ ու ցանկայարոյց ըլլալով հանդերձ, անոնք կը մնան կիրթ ու պարկեշտ էակներ:

Գրեթէ չեն ժպտիր, անոնք թախծոտ եւ մտազբաղ տեսք ունին եւ յաճախ կը տուայտին ապագայի անորոշութեան դիմաց:

Այս կենսասէր ու մարդասէր ստեղծագործողը, նոյնիսկ եթէ ցանկար, պիտի «ձախողէր» սեռայնութենէ պարպուած կերպարներ կերտել` Ուիլիըմ Պլէյքի եւ կամ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանին նման, որովհետեւ անոր արուեստին ելակէտը կեանքի շարունակականութիւնն է, որուն գրաւականը բնականաբար կայ ու կը մնայ «էրոթիզմը»:

Եւ բնաւ պատահական չէ, որ անոնք վաւաշոտ ըլլալով հանդերձ, երեխաներու անմեղութիւն ու հոգեկան մաքրութիւն կ՛ունենան եւ կամ երբեմն օժտուած կ՛ըլլան դիցուհիներուն յատուկ վեհութեամբ եւ ներքին հպարտութեամբ:

«Կնամոլ» եւ «կնամեծար» բառերը յարիր չեն Կիրակոսեանի խառնուածքին: Ան կինը կը սիրէ, կը յարգէ, կը գնահատէ, թերեւս կը պաշտէ նաեւ, պարզապէս անոր համար որ իրեն համար կինը առանցքն ու առհաւատչեան կը կազմէ ստեղծագործական կեանքին:

«Ռահէլ` արուեստագէտին մայրը»

«Ռահէլ` արուեստագէտին մայրը»

Անոր ճանչցած առաջին կինը բնականաբար իր մայրը` Ռահէլը պիտի ըլլար: Թէեւ յաճախ պատկերած է զայն, սակայն իբրեւ ամբողջական կերպար մայրը ի յայտ կու գայ «Ռահէլ` արուեստագէտին մայրը» ստեղծագործութեան մէջ, ուր պատկերուածը կեանքին մէջ տոկալու փորձառութիւն ձեռք բերած այն մայրն է, որ տակաւին փոքր աղջնակ` ականատես եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան ու իր դիմաց վայրագաբար մորթեցին իր ծնողներն ու քոյր-եղբայրները: Ինք հրաշքով փրկուած, հոգեկան ու մարմնական ծանր ցնցումներէ ետք կրցաւ հասնիլ մինչեւ Երուսաղէմ, կրցաւ վերսկսիլ կեանքը զերոյէն, կազմել ընտանիք ու պայքարիլ իր գլխատուած գերդաստանին գոյատեւումը շարունակելու համար:

Այս ընտանիքին մէջ ծնած ու հասակ առած Փոլ Կիրակոսեան իր մօրը դիմանկարին մէջ դրսեւորեց ամբողջ ժողովուրդի մը գողգոթան, վերապրելու տենչն ու վճռակամութիւնը միաժամանակ: Անոր սեւեռուն աչքերը, պրկուած շրթներն ու նոյնիսկ ծունկին վրայ ծալուած ձեռքերը խիստ տպաւորիչ են ու տանջուած կեանքի մը դրոշմը կը կրեն իրենց վրայ:

Իր արտայայտչաձեւերով, իրապաշտութենէ դէպի տպաւորապաշտութիւն մեկնող այս կտաւը Կիրակոսեան իրագործած է 1948 թուականին, երբ նոր կը սկսէր հասուննալ ու կազմաւորուիլ իբրեւ ինքնուրոյն արուեստագէտ: Յստակ է, որ ան երկար ժամանակ տրամադրած է, որպէսզի հարազատօրէն պատկերէ իր մայրը, որուն այնքան կապուած էր բազմաթիւ ու բազմազան հոգեմտաւոր թելերով:

Մայրը մինչեւ վերջ մայր մնաց Կիրակոսեանին համար, որ պատկերեց զայն որեւէ առիթի ու ժամանակի մէջ:

«Արուեստագէտին մայրը կռնակէն դիտուած»

«Արուեստագէտին մայրը կռնակէն դիտուած»

Երեսուն տարիներու ընթացքին, երփնագրելու մեծ փորձառութիւն ձեռք բերելէ եւ պարբերաբար իր մօրը կերպարին անդրադառնալէ ետք, 1979-ին ան կը կերտէ մայրական նոր կերպար մը` բոլորովին նոր յղացքով եւ իւրայատուկ ոճով մը, ընդամէնը 27×13 սմ. փոքր թուղթի մը վրայ: Այս անգամ մայրը պատկերուած է սեւ չինական մելանով եւ իրագործուած` քանի մը վրձնահարուածներով եւ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին միայն: Մանրամասնութիւնները կը բացակային, ընդհանուր կերպարը կ՛երեւի կռնակէն, կրկներեւոյթի մը նման: Ժամանակի բեռան տակ մարմինը ծանրացած կը թուի ըլլալ, բայց` ոչ կքած, ոտքերը տառապանքի հետքերը կը կրեն, սակայն դիմացկուն են տակաւին ու կը շարունակեն յառաջ ընթանալ: Գլխաշորը ամուր կապած գլխուն, մէկ կողմէ խորասուզուած կը թուի ըլլալ դէպի ներաշխարհն ու անցեալը, իսկ միւս կողմէ` հայեացքը կը յարէ հեռուն, հաւանաբար` դէպի ապագան, ուր կ՛ուղղուի առանց խուճապի եւ ինքնավստահ քայլերով:  Ապրելու եւ գոյատեւելու իրաւունք նուաճած մայրն է ան, մայրը` Փոլ Կիրակոսեանի նման  ջինջ հոգիի տէր ստեղծագործողի մը:

Երբ գեղանկարիչ մը քանի մը վրձնահարուածներով  եւ միայն սեւ գոյնով կրնայ այսքան գեղագիտական (Aesthetical) ուժ դրսեւորել ու կերտել ամբողջական խառնուածք ունեցող կերպար մը, ապա հարկաւոր է լռել պահ մը ու մտածել, թէ մենք կը գտնուինք բացառիկ ընդունակութիւններու տէր արուեստագէտի մը դիմաց:

Փոլ Կիրակոսեան ընտանիքին հետ, իր արուեստանոցին մէջ (1964, Պուրճ Համուտ)

Փոլ Կիրակոսեան ընտանիքին հետ, իր արուեստանոցին մէջ (1964, Պուրճ Համուտ)

Իր երկրորդ ճանչցած կինը եղած է կողակիցը` Ժիւլիէթը, որ Կիրակոսեանի մշտական եւ լաւագոյն բնորդուհին եղաւ նոյնիսկ մերկուհիներ պատկերելու պարագային: Թէեւ Ժիւլիէթի կերպարին մէջ մայրական խառնուածքային որոշ գիծեր փոխանցուեցան իր մօրմէն` Ռահէլի կերպարէն, սակայն Ժիւլիէթը իր հերթին եղաւ ամբողջական կերպար, որ շարունակուեցաւ իր դուստրերուն` Սիլվային, Արաքսիին եւ Մանուէլային մէջ: Ժիւլիէթը Փ. Կիրակոսեանին համար եղաւ թէ՛ երիտասարդ աղջկայ, թէ՛ մայրութեան եւ թէ՛ իտէալականացած կնոջ կերպար: Կիրակոսեանին ընտանիքը (ներառեալ իր երկու ուստրերը` Մանոն եւ Ժան-Փոլը) իր արուեստի հիմնական ու անմիջական բնորդները եղան: Սակայն ան պատկերեց նաեւ իր շրջապատն ու լաւապէս ճանչցած անձնաւորութիւններ, ինչպէս` եղբայրը, դրացիներն ու մտաւորական ընկերները, որոնք տեղ մը եւ չափով մը հետք ձգեցին իր ստեղծագործական կեանքին վրայ:

«Ուխտաւորներ»

«Ուխտաւորներ»

Կիրակոսեանին շօշափած թեմաներն ու կերտած կերպարները, բոլորն ալ կու գան բնութենէն ու կեանքէն` առանց միջնորդուած ըլլալու արհեստական երեւակայութեամբ ու մտքի չոր թելադրականութեամբ: Երբ Տիրամայր կը նկարէր, ապա իր իտէալականացած կինը նկատի կ’ունենար: Իսկ երբ խաչեալ Քրիստոսը պիտի պատկերէր  իտալական Սենթ Անթուան տը Փատու եկեղեցիին համար, ապա ամիսներ շրջեցաւ Պուրճ Համուտի թաղամասերուն մէջ, մինչեւ որ գտաւ յարմար բնորդ մը, լաւապէս ուսումնասիրեց, բերաւ, նոյնիսկ պառկեցուց զայն խաչափայտին վրայ եւ ապա միայն իրագործեց «Խաչեալ Քրիստոսը»: Հոս, որքան որ մարմնապէս արիւնաքամ եղած եւ հիւծած է Քրիստոսը, նոյն ուժգնութեամբ ալ անոր դէմքին վրայ դրսեւորուած է աստուածային վեհութիւնն ու հոգեկան ներքին ամրութիւնը, ուր ժամանակն ու տարածութիւնը` կեանքն ու մահը խտացուած ու միաձուլուած կը թուին ըլլալ:

Այո՛, Կիրակոսեան թէեւ իր ներշնչումը կ՛առնէ կեանքէն ու կեանքին կը վերադարձնէ զայն, սակայն անոր սկիզբը ծնունդը չէ, այլ` մահը: Ան ծնած է Երուսաղէմ, 1925-ին, Ցեղասպանութենէն փրկուած ընտանիքի մը մէջ: Այս իսկ պատճառով անոր արուեստը կը սկսի մահուան գաղափարէն` իբրեւ սկիզբ ու կը մեկնի դէպի յաւիտենութիւն:

Paul1

Փոլ Կիրակոսեան Սոֆիա Յակոբեան ազգային վարժարանի աշակերտներուն հետ, իր ցուցահանդէսին ընթացքին

Փոլ Կիրակոսեան Սոֆիա Յակոբեան ազգային վարժարանի աշակերտներուն հետ, իր ցուցահանդէսին ընթացքին

 

 

 

 

 

 

 

Ան կարողութիւնը ունէր իր «պատգամները»  փոխանցելու արուեստի ուժով եւ գեղարուեստական գեղեցկութեամբ, որովհետեւ ստեղծագործելու ներքին կրակներն են, որոնք կ’առաջնորդեն իր զգացումները, եւ որոնք` կրքոտ են ու կը պայթին պաստառին վրայ իբրեւ ժամանակակից յղացք ու կեանքի արտացոլացում:

Անոր արուեստը կը միտի  աշխարհը մաքրելու, կեանքը նուիրագործելու եւ վերանորոգելու: Ան յաճախ կ’ըսէր` «Էութեամբ պոռնիկ կին գոյութիւն չունի, պոռնիկի խառնուածք ունեցող տղամարդիկն են, որ կ’այլասերեն զանոնք»: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ ան կը հաւատար ու կը վստահէր կնոջ մարդկային առաքելութեան ու կ՛անմահացնէր զայն:

Փոլ Կիրակոսեանին յետահայեաց ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ 20 նոյեմբերին, «Պէյրութ էկզիպիշըն սենթըր»-ի  մէջ: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ յունուար 6:

Ցուցադրութեան դրած գեղանկարներուն կարեւոր մէկ մասը առաջին անգամն է, որ կը ներկայացուի արուեստասէր հանրութեան:

Հարկաւոր է զանգուածային այցելութիւններ կազմակերպել` յատկապէս դպրոցներու եւ կամ այլ միութիւններու, որովհետեւ ցուցահանդէսը թելադրական է ու դաստիարակչական, նաեւ` ազգային առումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )