Անդրադարձ. Զօրակցութեան Եւ Իրերօգնութեան Նոր Տարի
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Հակառակ երկրին մէջ տիրող ընդհանրական մտահոգութիւններուն, Լիբանան ընդհանուր առմամբ տօնական մթնոլորտի մէջ կ՛ապրի:
Լրատուական միջոցները ողողուած են տօնական յայտագիրներով եւ այդ իմաստին սազող առեւտրական ծանուցումներով:
Պանդոկները, ճաշարանները, «արուեստագէտները», հանրային կեդրոնները լայնօրէն կը ծանուցեն իրենց «բարիքները», որոնք շռայլօրէն պիտի տրամադրուին լիբանանցի քաղաքացիին:
Քաղաքապետութիւնները թէ առեւտրական ընկերակցութիւնները զարդարած են շուկաներն ու փողոցները գոյնզգոյն լոյսերով, երբեմն վառող բայց յաճախ մարած լամբերով, Կաղանդ պապուկով թէ երփներանգ ծառերով:
Այլ խօսքով, Կաղանդ է արդէն եւ ամէնուր ցնծութիւն…
Ուրախ ենք մենք եւս անտարակոյս: Լիբանանի հայութիւնն ու Լիբանան հաստատուած Սուրիոյ հայերն ալ իրաւունքը ունին ուրախանալու, տօնելու, վերանորոգելու իրենք զիրենք, շնորհաւորելու, շնորհաւորութիւն ստանալու եւ երթաս բարով ըսելու 2013-ի տխուր օրերուն` նոր յոյսերով դիմաւորելու համար Նոր տարին:
Մեր ճակատագիրն է թերեւս, որ տեւաբար մենք անհրաժեշտութիւնը զգացած են ունենալու «մեր»-ը: Մեր հայրենիքը, մեր եկեղեցին, մեր դպրոցը, մեր ընտանիքը, մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր միութիւնն ու մեր կեանքին հետ առնչուող զանազան երեւոյթներու եւ միաւորներու մե՛րը:
Ու այս պարագային մեր Նոր տարին, մեր տօնը, հայու Նոր տարին:
Նոր տարի մը, որ երեւութապէս տարբեր չէ այլոց Նոր տարիէն: Մեր մօտ ալ լոյսերը գունաւոր են, ծառերը` զարդարուած, սեղանները` ճոխ, երգն ու պարը` անպակաս, շնորհաւորութիւններն ու մաղթանքները սրտի խորքերէն բխող:
Սակայն, մեր Նոր տարին տարբեր է ընդհանուրէն, որովհետեւ տարբեր է մեր էութիւնը, գոյութիւնը, տարբեր է մեր իրականութիւնն ու տենչը, տարբեր է մեր երազը, տարբեր է հայու Նոր տարին:
Յաճախ կը լսենք ոչ հայ լիբանանցի քաղաքացիէն կամ օտարէն «տարբեր էք դուք» արտայայտութիւնը: Կ՛ուրախանանք վստահաբար, բայց երբեմն ալ թերահաւատութեամբ կ՛ընկալենք արտայայտութիւնը` իւրովի մտածելով, թէ «տարբեր էինք անցեալին, բայց այսօ՞ր…»:
Ու ճիշդ այդ «այսօր»-ին մէջ, Նոր տարուան տօնական այս օրերուն մենք պարտինք վերահաստատել մեր տարբերութիւնը, իրարու հետ ըլլալու, իրարու համար ըլլալու, մէկ ըլլալու, մէկ ուրախութիւն ունենալու, զօրակցելու եւ զօրակցելով ուժեղանալու տարբերութիւնը:
Գիտնանք ու համոզուինք, որ իմ ուրախութիւնս պակասաւոր է, երբ դրացիս ուրախ չէ:
Գիտնանք ու տեսնենք, որ Նոր տարուան իմ փարթամ սեղանս աղքատ է, երբ անդին տուն մը սեղանին վրայ չիր ու չամիչ դնելու կարողութիւն չունի:
Գիտնանք ու հաւատանք, որ իմ Կաղանդի ծառս ինչքան ալ հսկայ, պսպղուն ու փայլուն ըլլայ, չոր է, երբ անդին տուն մը լուսաւորուելու միջոց չունի:
Գիտնանք ու ապրինք ա՛յն, որ երեխաներու տրուած նուէրները անհամար կը մնան, երբ անդին երեխայ մը առանց խաղալիկի կը քնանայ:
Տեսնենք, որ տօնական օրերու համար մեր հագուստեղէնին համար ծախսուած գումարները կրնան հարիւրաւոր երեխաներ ու չքաւորներ պատռտած տափատներէ եւ ծակ կօշիկներէ ձերբազատել:
Մեր հայրերով ու մայրերով շրջապատուած ուրախութիւնը, պակասաւոր է, երբ անդին ծերանոցներու եւ հեռաւոր պատսպարաններու մէջ թողած ենք արիւն քրտինք թափած, ծառայ դարձած պապիկներ ու տատիկներ:
Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը բոլորին տօնն է: Տօնն է մեծատունին ու փոքրատունին, հարուստին ու աղքատին, տարեցին ու երեխային, արհեստաւորին, պաշտօնեային, բանուորին, լուացարարին թէ սպասաւորին, ուսանողին, աշակերտին, գործատիրոջ թէ շարժավարին, տօնն է բոլորին եւ ուրախութեան աղբիւրը բոլորին:
Բայց Նոր տարին իրա՛ւ ուրախութիւն կը դառնայ, հայու Նոր տարի կը դառնայ, երբ տօնը կը վերածուի գուրգուրանքի, զօրակցութեան, օգնութեան, բարեգործութեան տօնի:
Իւրաքանչիւրս այս տօնը կը պանծացնէ ու իրաւամբ զայն կ՛ապրի, երբ իր ունեցածէն բաժին կը հանէ իրմէ նուազ ունեցողին: Իր ունեցածէն կու տայ եւ ո՛չ թէ աւելցածէն:
Ու ամէնքս կրնանք տալ վստահաբար:
Հարուստը` իր դրամէն:
Աշակերտը` իր օրական ծախսէն:
Ուսանողը` մէկ գիշերուան զբօսանքէն:
Պաշտօնեան` թերեւս մէկ տուփ պակաս ծխախոտէն կամ մէկ բաժակ խմիչքէն:
Հայ տիկինն ու օրիորդը` իր արդուզարդէն, պչրանքէն կամ ժամանակէն:
Գործատէրը` յաւելեալ աշխատանքով պաշտօնեային բեռը թեթեւցնելով:
Եկեղեցականը` աղօթքի կողքին, մխիթարութեան հետ շօշափելի օժանդակութեամբ:
Երեխան` իր բազում խաղալիկներէն մէկն ու մէկը զիջելով:
Եւ դեռ, օրինակները կրնան շարունակուիլ:
Ու մինչ այդ, պարտինք ուրախ ըլլալ ու երախտապարտ բոլոր անոնց, որոնք տարբեր առիթներով տեւաբար նեցուկ են դժուարութեան մէջ եղող պարագաներու: Վարձքը կատար անոնց, որոնք գործը կը շարունակեն:
Այս Նոր տարին թող ըլլայ յաւելեալ զօրակցութեան Նոր տարի: Իւրաքանչիւր հայ, կարիքաւոր կամ ոչ, թող զգայ, որ հայու ձեռքը միշտ հասնող է եւ օդին մէջ չի մնար: Թող զգայ, որ այդ ձեռքը երբեմն բռունցք եղած է, երբ վտանգը հասած է մեր հայկականութեան:
Եւ այսպէս,
Բոլորիս Նոր տարիին համար, շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ:
Հայո՛ւ Նոր տարի:
Զօրակցութեան եւ իրերօգնութեան Նոր տարի:

