Այսօր Պիտի Ստորագրուի «Ճամբու Քարտէս»-ը «Հայաստան Կրնայ Խըրխըզիստանէն Առաջ Անդամակցիլ Մաքսային Միութեան» Կ՛ըսէ Ուշաքով

Եուրի Ուշաքով

Եուրի Ուշաքով

«ՌԻԱ Նովոսթի», վկայակոչելով Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը, կը յայտնէ, որ Հայաստան կրնայ Խըրխըզիստանէն առաջ անդամակցիլ Մաքսային Միութեան, այդ ուղղութեամբ աշխատանքը «շատ արագ կշռոյթով» կ՛ընթանայ, Մաքսային Միութեան «ճամբու քարտէսը» պիտի ստորագրուի երեքշաբթի օր (այսօր. «Ա.»):

«Պիտի ուզէի նշել, որ փորձագէտներու աշխատանքը շատ աշխուժ կ՛ընթանայ, շատ արագ կշռոյթով: Որոշ չափով նոյնիսկ յառաջ կ՛անցնի այն աշխատանքէն, որ կը տարուի եւ տարուած է Խըրխըզիստանի հետ», յայտնած է Ուշաքով:

Այսօր Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին 2014-ի մայիսին Եւրասիական տնտեսական միութեան ստեղծման վերաբերեալ համաձայնագիրի ստորագրման պատրաստութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES