Խորհրդարանական Ընդդիմութեան Պոյքոթին Եւ Բողոքի Ցոյցի Մթնոլորտին Մէջ. Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վաւերացուց Կազին Վերաբերող Համաձայնագիրները

010_G

(Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ բաց քուէարկութեամբ վաւերացուց Ռուսիոյ հետ կազային երեք համաձայնագիրները, որոնք ստորագրուած են 2 դեկտեմբերին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Երեւան կատարած այցելութեան ընթացքին:

Վիճայարոյց փաստաթուղթերու վաւերացման օգտին քուէարկեցին 77 պատգամաւորներ` իշխող համաձայնական կառավարութեան ներկայացուցիչները, դէմ եւ ձեռնպահ քուէարկողներ չեղան, քանի որ ոչ իշխանական խմբակցութիւններու պատգամաւորները քուէարկութեան ժամանակ լքեցին խորհրդարանի նիստերու դահլիճը:

Խորհրդարանականները քուէարկեցին ձեռք բարձրացնելով. պատճառը այն էր, որ ընդդիմադիր Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոստանջեան նախապէս հաւաքած էր որոշ հանրապետական պատգամաւորներու` ելեկտրոնային համակարգով քուէարկութեան համար պահանջուող քարտերը:

029_GԸնդդիմադիր պատգամաւորները կը պնդեն, որ խախտուած է Ազգային ժողովի կանոնակարգը, քանի որ ձեռքով քուէարկութեան պարագային քուէները պէտք է հաշուէ ոչ թէ  խորհրդարանի նախագահութիւնը կամ հաշուեքննիչ յանձնախումբի երեք անդամները, ինչ որ տեղի ունեցաւ այսօր, այլ 7 անդամներէ բաղկացած հաշուեքննիչ յանձնախումբը:

Քուէարկութիւնը պոյքոթի ենթարկած ոչ իշխանական 4 խմբակցութիւնները դահլիճը լքելէ ետք որոշ ժամանակով միացան դուրսը ցոյց կատարող քաղաքացիներուն` անոնց յորդորելով միահամուռ ըլլալ, քանի որ հայ-ռուսական խայտառակ համաձայնագիրներուն դէմ պայքարը պիտի շարունակուի:

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան տեղեկացուց, որ տեղի ունեցած քուէարկութիւնը յատուկ ընթացակարգ կը պահանջէ: «Հաշուեքննիչ յանձնախումբը ունի 7 անդամներ` երկուքը Հայաստանի հանրապետական կուսակցութենէն, մէկը` Օրինաց երկիր կուսակցութենէն: Բոլորը տեսան, որ հաշուեքննիչ յանձնախումբի 4 անդամները չեն մասնակցած հոլովոյթին, արձանագրութիւն չէ կազմուած: Ասիկա կը նշանակէ, որ օրէնքը խախտուած է եւ քուէարկութիւնը չի կրնար օրինական նկատուիլ», նշեց դաշնակցական գործիչը:

Ա. Վարդանեան չբացառեց, որ իրենք դիմեն Սահմանադրական դատարան:

Ազգային ժողովի արտակարգ նիստը շարունակուեցաւ առանց ընդդիմադիր ՀՅԴ, Հայ ազգային քոնկրես, Ժառանգութիւն եւ այլընտրանքային Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւորներուն:

Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան յայտնեց, որ տրուած ըլլալով, որ Զարուհի Փոստանջեան տակաւին չէ վերադարձուցած արձանագրութեան քարտերը, ուստի երկրորդ ընթերցումով օրինագիծերու քուէարկութիւնը նոյնպէս պէտք է կազմակերպուի ձեռք բարձրացնելու միջոցով:

Խորհրդարանի նախագահը նաեւ տեղեկացուց, որ Ազգային ժողովի հաշուեքննիչ յանձնախումբի նախագահ Սուքիաս Աւետիսեանէն գրութիւն ստացած է, որ առաջին նիստին ձայներու հաշուարկի ժամանակ տեղի ունեցած է թիւրիմացութիւն եւ ռուս-հայկական կազային համաձայնագիրին թեր քուէարկած են ոչ թէ 77, այլ 72 պատգամաւորներ:

Խորհրդարանը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց կառավարութեան կողմէ ներկայացուած օրինագիծերը` առանց դէմ եւ ձեռնպահ ձայներու: Ազգային ժողովի նախագահը քուէարկութենէն ետք յայտնեց, որ այսպիսով Ազգային ժողովի արտակարգ նստաշրջանը աւարտեցաւ:

Ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւնները հասան շարք մը եզրակացութիւններու եւ կատարեցին քաղաքական գնահատական մը` զայն ներառելով միացեալ յայտարարութեան մը մէջ:

Share this Article
CATEGORIES