«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». 2013 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւն

PROFOTO
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ նախորդ շաբաթավերջին կատարեց 2013 տարեշրջանի բոլոր ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ մեծ թիւով հրաւիրեալներու:
Ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէի ներկայացուցիչ Ֆայսալ Ալամէտին, «ՖԻԱ-ի փոխնախագահ, Նասեր Աթիէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչը, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուները, Ասիոյ Մոթորսայքլինկի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ալի Տաղեր, մեծ թիւով հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի յանձնախումբի նախագահ Իմատ Լահուտ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, որ 2014-ը աւելի բեղուն տարի մը պիտի ըլլայ, մանաւանդ Լիբանանի միջազգային ռելիին, այս տարի ձեռք ձգած վերջին յաջողութենէն ետք:

