ՎԻՎԱՍԵԼ- ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ. ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԸ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով մեծ ուրախութեամբ յայտարարեց, որ Վիվասել- Էմ. Թի. Էս. բջիջային ընկերութիւնը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն գլխաւոր հովանաւորը:
Բնականաբար, անոր աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ ամէնէն աւելի շատ ժողովրդականութիւն վայելող մարզաձեւին` ֆութպոլի տարածման ու զարգացման մէջ իր կարեւոր դերը պիտի ունենայ:
CATEGORIES Մարզական

