Ազգային Ժողովի Արտակարգ Նիստին Կատարուած Քուէարկութեան Արդիւնքը Անվաւեր Նկատուեցաւ
Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս ուժերը` ՀՅԴ-ն, Հայ ազգային քոնկրեսը, Ժառանգութիւնը եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը նախանցեալ օր խորհրդարանին մէջ միացեալ նիստ գումարած են:
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն յայտնեց, որ կը հանդիպին, որպէսզի քննարկեն Ազգային ժողովի հաշուիչ յանձնախումբի 26 դեկտմբերին տեղի ունենալիք արտակարգ նիստի մասին որոշ հարցերը:
Ան ընդգծեց, որ յանձնախումբը նիստ կը հրաւիրէ, քանի որ մեծամասնութիւն է եւ անոր անդամները` յանձնախումբի քարտուղար Լիւտմիլա Սարգսեան, անդամներ Տիգրան Ուրիխանեան, Արծուիկ Մինասեան եւ Թեւան Պօղոսեան, ըստ կանոնակարգի` իրաւունք ունին արտակարգ նիստ հրաւիրելու:
Ռուստամեան նշեց, որ յանձնախումբի չորս անդամները կրնան նիստ հրաւիրել, որովհետեւ չորս հոգիով ոչ թէ մէկ երրորդն են, այլ կէսէն աւելի: Ան աւելցուց, որ անշուշտ մնացեալ անդամները պիտի փորձեն այդ նիստը պոյքոթի ենթարկել, բայց նիստը ամէն պարագայի պէտք է կայանայ, որովհետեւ կայ մեծամասնութիւն, ուստի նիստը օրինական է: Ըստ Ռուստամեանի, այդ նիստին ընթացքին պէտք է անդրադառնալ նաեւ կատարուածին, որ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին:
Ազգային ժողովի հաշուիչ յանձնախումբի արտակարգ նիստը երէկ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան սենեակին մէջ, քանի որ Ազգային ժողովի աշխատակազմը սրահը չտրամադրեց նիստը գումարելու համար` պատճառաբանելով, թէ պատգամաւորները արձակուրդի մէջ կը գտնուին:
Հաշուիչ յանձնախումբի նիստին ներկայ էին յանձնախումբի չորս ոչ իշխանական խմբակցութիւններու անդամները: Նիստը կը վարէր Լիւտմիլա Սարգսեան: Նիստին ներկայ չէին յանձնախումբի նախագահ Սուքիաս Աւետիսեան, որ մերժեց մասնակցիլ նիստին, Տաճատ Վարդապետեան, որ իր բացակայութիւնը պատճառաբանեց հիւանդութեամբ եւ Իշխան Խաչատրեան, որ կը մասնակցէր այլ ձեռնարկի:
Հաշուիչ յանձնախումբը արտակարգ նիստին որոշում տուաւ, որ 23 դեկտեմբերին Ազգային ժողովի լիագումար նիստին տեղի ունեցած բաց քուէարկութեան` Սուքիաս Աւետիսեանի յայտարարած թիւերը վաւերացուած չեն: Յանձնախումբի չորս անդամներն ալ թեր քուէարկեցին այս որոշումին:

