Զուիցերիան Պէտք Է Բողոքարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Եւրոպական Դատարանի Վճիռը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Նախորդ շաբաթ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող կարեւոր որոշում մը կայացուց` Տողու Փերինչեքի ընդդէմ Զուիցերիոյ գործով:

Փերինչեք` աննշան թրքական կուսակցութեան մը ղեկավարը, 2005-ին մեկնած էր Զուիցերիա` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու դիտաւորութեամբ եւ տեսնելու, թէ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները պիտի յանդգնի՞ն պատժել զինք այդ մէկը ըրած ըլլալուն համար: Ան Հայոց ցեղասպանութիւնը լկտիաբար անուանած էր «միջազգային սուտ»:

Ի պատասխան «Զուիցերիա-Հայաստան» ընկերակցութեան կողմէ քրէական գործ յարուցելու վերաբերող բողոքին` Լոզանի ոստիկանութեան դատարանը 2007-ի մարտին Փերինչեքը դատապարտած եւ տուգանած էր ցեղային խտրականութեան համար: Զուիցերիոյ վերաքննիչ դատարանը հաստատած էր իր դատավճիռը` որոշելով, որ ան խախտած էր Քրէական օրէնսգիրքի 216-րդ յօդուածը: Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդը (խորհրդարանը) 2003 թուականին արդէն ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աւելի ուշ, Փերինչեք դիմած էր Զուիցերիոյ բարձրագոյն դատական ատեանին` Դաշնակցային դատարանին, որ վերահաստատած էր անոր դատավճիռը:

10 յունիս 2008-ին Փերինչեք իր դատավճիռը բողոքարկած էր Սթրազպուրկի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին` պնդելով, որ իր բազմաթիւ իրաւունքները, որոնց շարքին խօսքի ազատութեան իրաւունքը, խախտուած են զուիցերիական դատարաններուն կողմէ: Ան 140 հազար եւրօ փոխհատուցում կը պահանջէր բարոյական եւ ֆինանսական վնասներու, ինչպէս նաեւ դատական ծախսերուն համար:

17 դեկտեմբեր 2013-ին Եւրոդատարանը չէ բաւարարած Փերինչեքի գրեթէ բոլոր պահանջները (Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի 6-րդ, 7-րդ, 14-րդ, 17-րդ եւ 18-րդ յօդուածները) եւ մերժած փոխհատուցման անոր դիմումը: Սակայն, եօթը դատաւորներէն հինգը որոշած են, որ Զուիցերիան խախտած է Փերինչեքի խօսքի ազատութեան իրաւունքը (Յօդուած 10):

Ասիկա շատ արտասովոր որոշում մըն էր, որովհետեւ խօսքի ազատութիւնը բացարձակ իրաւունք չէ եւրոպական իրաւագիտութեան մէջ: Շատ մը եւրոպական երկիրներ սահմանափակումներ կը կիրարկեն խօսքի ազատութեան վերաբերեալ, ներառեալ ազատազրկում` Ողջակիզման ժխտման համար: Ողջակիզման ժխտման համար պատիժը, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման նկատմամբ հանդուրժողութիւնը անընդունելի երկակի չափանիշներ են: Կա՛մ երկու Ցեղասպանութիւններու ժխտումը պէտք է ըլլայ պատժելի, կա՛մ` ոչ մէկունը:

Եւրոպական դատարանի 80 էջնոց որոշումը դիւրին չէր կարդալ` ո՛չ միայն այն պատճառով, որ անիկա ֆրանսերէն գրուած էր, այլ որովհետեւ հինգ դատաւորները, որոնք ի նպաստ Փերինչեքի վճիռ կայացուցած էին, գրեթէ բոլոր հարցերուն վերաբերեալ սխալ մեկնաբանութիւններ կատարած էին: Ամբողջ գիրք մը կարելի է գրել անոնց բազմաթիւ փաստացի սխալները հերքելու համար: Դատաւորները խեղաթիւրուած ներկայացուցած են Փերինչեքի անհիմն պնդումները, զուիցերիական օրէնքներն ու դատավճիռները, Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր միջազգային ճանաչման փաստերը` միաժամանակ անընդհատ հակասելով իրենք իրենց: Իրավիճակը առաւել եւս խճճուեցաւ, երբ դատարանի քարտուղարը նախորդ շաբաթ հրապարակեց չորս էջնոց հաղորդագրութիւն մը, որով աւելի խեղաթիւրեց դատարանի վճիռը, ատով իսկ դատին մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ ամբողջութեամբ շփոթի մատնելով միջազգային լրատուամիջոցները:

Այն հինգ դատաւորները, որոնք հաստատեցին Փերինչեքի կեղծ մեղադրանքները` ասոնք են` Կուիտօ Ռայմոնտի (Իտալիա), Փիր Լորենցըն (Դանիա), Տրակոլիւուպ Փոփովիչ (Սերպիա), Անտրաս Սաճօ (Հունգարիա) եւ Հելէն Քելըր (Զուիցերիա): Դէմ արտայայտուած դատաւորներն էին Նեպոժսա Վուչինիչ (Մոնթենեկրօ) եւ Փաուլօ Փինթօ տը Ալպուկերկեն (Փորթուգալ):

Դատավճիռին կից եօթը էջնոց լրացման մէջ դատաւորներ Ռայմոնտին եւ Սաճոն կրկին հակասեցին զիրար` արդարանալով ի նպաստ Փերինչեքի վճիռ կայացնելուն համար: Հարցեր բարձրացնելով «Հայկական ջարդերու» հաւաստիութեան մասին, ապա պնդելով, թէ իրենց խնդիրը Ցեղասպանութեան փաստերը գնահատելը չէ, այս երկու դատաւորները հաստատեցին, որ հայ ժողովուրդի ոչնչացումը եղած է կառավարութեան հովանաւորութեամբ, ատով իսկ ընդունելով անոնց ցեղասպան բնոյթը: Սակայն անոնք կը պնդեն Հայոց ցեղասպանութիւնը վկայակոչել իբրեւ «Մեծ եղեռն», որ կը թարգմանեն իբրեւ «Մեծ յանցագործութիւն»: Միւս կողմէ, տարակարծիք դատաւորներ Վուչինիչ եւ Փինթօ տը Ալպուկերկեն, դատավճիռին կից ներկայացուցած են իրենց 19 էջնոց խորապէս ուսումնասիրուած համապարփակ զեկոյցը` Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Այս արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնը անհրաժեշտ է թարգմանել քանի մը լեզուներու եւ տարածել ամբողջ աշխարհին:

Առաւել հրատապ` Հայաստանի կառավարութիւնը եւ սփիւռքի գլխաւոր կազմակերպութիւնները պէտք է խնդրեն Զուիցերիոյ կառավարութենէն բողոքարկել Եւրոդատարանի դատավճիռը անոր 17 դատաւորներէ կազմուած Մեծ պալատին` 90-օրեայ ժամանակաշրջանի ընթացքին: Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կոչ ուղղած էր աշխարհասփիւռ հայութեան` բողոքելու դատարանի վճիռին դէմ` իրենց կառավարութիւններուն դիմելու եւ Եւրոդատարանին բողոքի նամակներ յղելու միջոցով: Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը խոստացած է ձեռնարկել բոլոր կարելի միջոցներու` դատարանի որոշումը խափանելու համար, յորդորելով Զուիցերիոյ հայց ներկայացնելու:

Եթէ Եւրոպական դատարանի որոշումը անպատասխան մնայ, ապա ատիկա բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման ջանքերուն վրայ եւրոպական երկիրներու մէջ` մասնաւորապէս Ֆրանսայի, այլ մանաւանդ, որ աւելի կարեւոր է, Ցեղասպանութեան յառաջիկայ 100-ամեակին վրայ:

Դատավճիռը` իր ներկայի տեսքով, հաւանութիւն կու տայ ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Փերինչեքի ժխտողական դիրքորոշման, որ իր քրէական գործունէութեան համար այժմ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած է եւ պատիժը կը կրէ թրքական բանտին մէջ: Թուրքիան անմիջականօրէն միջամտած է այս դատին` ընդարձակ ցուցմունք ներկայացնելով Եւրոդատարան: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է լկտի յայտարարութեամբ` անամօթաբար ողջունելով դատավճիռը եւ պարծենալով խօսքի ազատութեան իր աջակցութեան համար: Համաձայն Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածին` Հայոց ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը ըսելը կը համարուի յանցագործութիւն, մինչդեռ Զուիցերիոյ մէջ Ցեղասպանութեան մասին ստելը յանցագործութիւն է:

Յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան չափազանց կարեւոր է, որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը բողոքարկէ դատարանի վճիռը եւ չենթարկուի թրքական քաղաքական եւ տնտեսական բոլոր ճնշումներուն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Share this Article
CATEGORIES