Ամանորեան Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. Կաղանդ Պապուկը Այցելեց Նաեւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիր

Hamazkyn-Aghpalian1

Hamazkayin-Aghpalian

 

 

 

 

 

 

 

Կաղանդի սեմին, ամանորեան ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հսկայական աշխատանքներ վստահուած են Կաղանդ պապուկին: Շաբաթավերջին անոր այցելած նորագոյն կայաններէն մէկը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրն էր, ուր ան շաբաթ, 28 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին այցելեց համալիրի Համազգայինի համանուն մասնաճիւղը: Արդարեւ, Համազգայինի «Ն. Աղբալեան»  մասնաճիւղի կազմակերպած «Կաղանդ պապուկի ձեռնարկ»-ին շրջանի, յատկապէս` Համազգայինի փոքրիկները խիստ ուրախ ժամեր անցուցին  աճպարար Սանտրա Զողէյպի, «տի-ճէյ» Գէորգ Պաղտասարեանի եւ «Ուրախ տարեդարձ» խումբին հետ: Ժամեր տեւած երգի ու ցնծութեան մթնոլորտի մէջ, ձեռնարկին մասնակից փոքրիկները զուարճացան  ու երանելի պահեր անցուցին:

Անոնց մանկական այդ ուրախութեան վրայ յաւելեալ խինդ ու ժպիտ դրոշմեցին կարգ մը բարերար հաստատութիւններու տրամադրած սրտաբուխ նուէրներն ու հիւրասիրութիւնները, ինչպէս` Րաֆֆի Միքայէլեանի «Թրէյտ Փլաս» հաստատութիւնը, Պուրճ Համուտի «Քէօշկերեան» համագործակցականը եւ «Լիպիս»  ընկերութիւնը, որոնք նուէրներով, տուրմերով ու մրգահիւթի  օշարակներով եւ զուլալ ջուրով  ճոխացուցին հիւրասիրութեան ափսէները: Խանդավառ այս մթնոլորտը վայելեցին նաեւ փոքրիկներու ծնողները, մայրերը, որոնք իրենց զաւակներուն ցնծութեան ի տես` իրենց կարգին գոհ ու երախտապարտ զգացին Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան նկատմամբ, որ իր կազմակերպած տարեկան այս երկրորդ ձեռնարկով Անթիլիասի փոքրիկներուն փոխանցեց ամանորեան օրհնաբոյր մթնոլորտը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES