Աւելին Պիտի Ընենք… Պատի՛ւ Մեր Բարերարներուն Եւ Կամաւորներուն

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Մեր ժողովուրդի դարերու վրայ երկարող պատմութիւնը առատօրէն կը վկայէ այն կենդանի ու գուրգուրոտ վերաբերումին մասին, որ հայ մարդը ցուցաբերած է իր ընդհանրական կեանքը կազմակերպող, հունաւորող ու իմաստաւորող կառոյցներուն նկատմամբ:

Մեր ժողովուրդի զաւակները, դասակարգային ի՛նչ մակարդակի ալ պատկանած ըլլան, իշխանական օրերէն մինչեւ Պոլսոյ ամիրաներն ու գաւառի գիւղապետերը, սփիւռքի եւ Հայաստանի մեծահարուստներէն ու գործատէրերէն մինչեւ հայ գիւղացին, հողագործը, բանուորը, պաշտօնեան թէ արհեստաւորը, իւրաքանչիւրը իր չափով, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ, առաւել կամ նուազ մասնակցութեամբ միշտ ալ եղած է իր ժողովուրդին կամ շրջապատին կարիքներուն հասնողի, ամոքողի, ձեռք երկարողի, նեցուկ կանգնողի դիրքերուն վրայ:

Պետութեան բացակայութեան, երբ մեր կառոյցները իրենց ուսերուն վրայ առած են ազգային հիմնախնդիրները լուծելու քաղցր, բայց ծանր բեռը, մեր ժողովուրդը տեւաբար հասկցող եղած է այդ բեռի ծանրութեան պահանջները եւ գոհացում տուած է անոնց:

Տօնական այս օրերուն, երբ կը փորձենք անցնող տարեշրջանի հաշուեկշիռը կատարել, բնականաբար կը մտածենք այն կարիքներուն մասին, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին մեր հայրենակիցները, եւ այն բացթողումներուն մասին, որոնք կատարուած են մեր հաւաքականութեան կողմէ: Յաճախ, կուտակուած դժգոհութիւնները մեզ կը մղեն մտածելու, թէ ամէն կողմ աւեր է, ամէն ինչ մութ, եւ կ՛ընթանանք դէպի փապուղի, օրէ օր կրկնուող բացասական երեւոյթները հոգեկան ընկճումի կ՛ենթարկէ մեզմէ շատեր, եւ արդարօրէն քննադատական սուր կեցուածքներ կ՛ուղղենք «ազգ»-ին նկատմամբ, որ չի կրնար ապահովել բոլորին բարօրութիւնը, կրթութիւնը, առողջապահութիւնը, հանրային ծառայութիւնը, մշակութային վերելքը, կնոջական իրաւունքները, գաղթական տեղափոխուածներու ապրուստը, միութենական հոյակերտ շէնքերը, երիտասարդական կեդրոնները, արդիականութեան հետ քայլ պահող կառոյցները, կենսոլորտի պայմաններու բարելաւումը, եւ տակաւին այլ պահանջներ, որոնք արդար են եւ արժանի հաւաքական քննարկման, պատասխանատուութեանց ճշդման, դերերու բաշխման ու ծրագիրներու գործադրման ժամկէտներու հաստատման:

Այս բոլորը ճիշդ են եւ արդար անկասկա՛ծ:

Ճիշդ է նաեւ մէկ այլ երեւոյթ:

Հարցադրո՛ւմ մը: Ինչպէ՞ս եւ ինչպիսի՞ հսկայական ճիգերով այսօր մենք ունինք ա՛յն, ինչ որ ունինք: Ո՞վ եւ կախարդական ի՞նչ գաւազանով այսօր մեզի առիթը տրուած է, որ վայելենք մեր գոյատեւումը ապահոված ու ապահովող բարիքները:

Շարքը երկար է թերեւս: Բայց կ՛արժէ յիշել զանոնք Նոր տարուան սեմին, միշտ ի մտի ունենալով, թէ անոնք ցարդ գոյութիւն ունեցած են եւ մենք զանոնք նկատած ենք բնական երեւոյթներ, մինչ երբեք չենք մտածած, որ ինչ կրնար պատահիլ, երբ անոնք գոյութիւն չունենային, կամ յանկարծ կորսնցնէինք զանոնք:

Իբրեւ Լիբանանի հայութիւն, կ՛արժէ արագ ակնարկ մը նետել մեր «ունեցուածք»-ին վրայ, առանց մտնելու թիւերու եւ հաշիւներու աշխարհին մէջ:

Ահա թէ տարիներու ընթացքին Լիբանանի հայութիւնը ի՛նչ հսկայական հարստութիւն կրցած է ապահովել` ազգային հաւաքական մեր կեանքը ամուր պահելու եւ մեր ժողովուրդին գոյատեւումը ապահովելու համար:

Թուենք, առանց թիւերու.

– Զմմառէն Անթիլիաս ու Պիքֆայա եւ Պէյրութ վանական կեդրոններ:

– Թրիփոլիէն Այնճար, մինչեւ Պէյրութ եւ Լեռնալիբանան բազում եկեղեցիներ եւ համայնքային կեդրոններ:

– Պատկառելի թիւով յարանուանական-միութենական դպրոցներ, առաւել` դպրեվանք ու համալսարան:

– Բարեսիրական, մշակութային ու մարզական միութիւններու հսկայ ցանց` իւրաքանչիւրին յատուկ կեդրոնով, ակումբով, մարզասրահներով թէ ցուցասրահներով:

– Թատերախումբ, պարախումբ, երգչախումբ, նկարչական արհեստանոց, երաժշտական դպրոց:

– Մամուլ, օրաթերթ, ամսաթերթ, պարբերաթերթ, կուսակցական, միութենական, դպրոցական, կրօնական, եկեղեցական, անհատական, երիտասարդական թէ ուսանողական հրատարակութիւններ, ձայնասփիւռ, պատկերասփիւռի յայտագիրներ:

– Տպարան, հրատարակչատուն ու բազում հրատարակութիւններ` անհատական թէ մրցոյթի իբրեւ արդիւնք հիմնադրամային կարելիութիւններով:

– Ընկերային ծառայութեան կեդրոններ, ծերանոց, հիւանդանոց, յատուկ խնամքի կարիք ունեցողներու դպրոց, որբանոց, խնամատար տիկնանց յանձնախումբեր, օժանդակութեան ֆոնտեր:

– Հայրենակցական միութիւններ թէ համալսարաններու մէջ հայ ուսանողներու համախմբումներ:

– Արցախի, Ջաւախքի ու Հայաստանի ի նպաստ հաստատուած միաւորներ եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի մարմին:

Թող ներէ ընթերցողը, եթէ այս արագ եւ ոչ մասնագիտական թուարկումին մէջ մոռացում կրնայ պատահած ըլլալ:

Բայց նոյն ընթերցողը թող փորձէ գումարումը կատարել արագ յիշուած այս հաստատութեանց, բայց չմտնել նիւթական գնահատումներու մէջ: Ատիկա վստահաբար միջազգային մակարդակի մասնագէտ հաշուապահներու գործը պէտք է ըլլայ:

Ու վերադառնանք տօնական օրերու ճառագայթող լաւատեսութեան եւ յիշենք, թէ մենք` իբրեւ Լիբանանի հայութիւն, անցնող տարուան ընթացքին ի՛նչ ներդրում ունեցանք այս կառոյցներու պահպանման մէջ: Ներեցէ՛ք, դարձեալ պակասաւոր պիտի ըլլայ թուարկումը:

– Նորոգուեցան մէկէ աւելի եկեղեցիներ:

– Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առ ի նախապատրաստութիւն, կը կառուցուին յուշակոթող, թանգարան եւ կը կազմուին ծրագիրներ:

– Գոյատեւեցին դպրոցները: Իւրաքանչիւր դպրոց ունեցաւ մէկէ աւելի հասութաբեր ձեռնարկներ` ոչ միայն փորձելով հաւասարակշռել պիւտճէն, այլ նաեւ նոր շինարարութիւններու ճամբով արդիականացնել ինքզինք:

Ունեցանք երկրորդական վարժարաններէ եւ համալսարաններէ հարիւրաւոր շրջանաւարտներ:

– Մեր գրաւոր թէ բանաւոր մամուլը շարունակեց իր առաքելութիւնը, ոչ միայն հասանելի դառնալով ընթերցողին կամ ունկնդիրին, այլեւ միաժամանակ կառուցային, շինարարական թէ որակական փոփոխութիւններ կատարելով:

– Բարեսիրական, մշակութային թէ մարզական միութիւնները շարունակեցին մնալ մեղուաբոյն: Երիտասարդական, ուսանողական թէ պատանեկան միաւորներ տեւական ներկայութիւն դարձան մեր կեանքին մէջ:

– Շաբաթ եւ թերեւս օր չանցաւ, որ սրահները չհիւրընկալեցին թատրոն, երգչախումբ, պարախումբ, ասուլիս, դասախօսութիւն, յոբելենական ձեռնարկներ, յուշատօներ կամ հանդիսութիւններ: Անպակաս եղան ցուցահանդէսները, հասցուցինք զանոնք ոչ հայ շրջանակներու:

– Հակառակ երկրի ներքին դժուարութեանց, մեր հաստատութիւնները սրտբաց ընդունեցին սուրիական փոթորիկէն Լիբանան հասնող հայրենակիցները:

– Լոյս տեսան նոր գիրքեր, նոր հրատարակութիւններ, յուշատետրեր, օրացոյցներ, յատուկ առիթներու յատկացուած գիրքեր:

– Անմասն չմնացին Արցախն ու Ջաւախքը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, կազմակերպուեցան հայաստանագնացութեան ճամբարներ, դէպի Արցախ ու Արեւմտահայաստան գործուղումներ, յաւելեալ զարգացում ապրեցաւ Արցախի վերաբնակեցման «Արի տուն» ծրագիրը:

Ցանկը տակաւին կրնայ երկարիլ:

Սակայն միշտ կը մնայ նոյն հարցումը:

Ո՞վ ըրաւ այս բոլորը: Որո՞նք պահեցին մեր կառոյցները: Որո՞նք ապրեցուցին զանոնք:

Պատասխանը յստակ է բոլորիս ու մեկին:

Մեր ժողովուրդը անկասկած:

Ինքզինք հայ զգացող ամէն անհատ, որ կը հաւատայ հայութեան երազին ու այդ երազին իրականացման համար Լիբանանի կարեւորութեան:

Մեր կառոյցները ապրեցուցին մեր բարերարները: Մեծագումար նուիրատուները թէ փոքրագումար մասնակիցները: Ա՛յն բարերարները կամ անոնց ժառանգորդները, որոնց անունով կը յիշուին մեր դպրոցները, ակումբները, կեդրոնները կամ ցուցատախտակով մը աղօթքի արժանի կ՛ըլլան մեր եկեղեցիներուն մէջ:

Ա՛յն բարերարները, որոնք դպրոցներու կամ Հայկազեան համալսարանի մեծագումար յատկացումներով թէ աշակերտներու եւ ուսանողներու կրթաթոշակի մասնակցութեամբ շարունակեցին նեցուկ կանգնիլ կրթական հաստատութեանց եւ դաստիարակ ուսուցիչներուն, որոնք եւս արժանացան անհատական գնահատականներու…

Այն բարերարներն ու նուիրատուները, որոնք զգալով գրաւոր թէ բանաւոր մամուլի անհրաժեշտութիւնը կամ հայ գիրքի հրատարակութեան ու հայ գիրի եւ գրականութեան տարածման հրամայականը, դարձան մղիչ ուժ, մեկենաս կամ ծանուցող:

Նոյն բարերարները, որոնք նախագահեցին կրթական, զանազան ձեւի միութենական ձեռնարկներու, ճաշկերոյթներու եւ ելոյթներու, ծանուցատետրերու մէջ բաժին վերցուցին, որպէսզի շնչէ բեմը, պարէ արուեստը, թնդայ երգը, ճառագայթէ նկարիչը, խնամուի ծերն ու որբը, ժպտայ կարիքաւորը, անուս չմնայ երեխան:

Նոյն այդ բարերարները տուին իրենց սրտէն, որպէսզի ամուր մնան մեր ակումբները, երիտասարդական կեդրոնները, որպէսզի շարունակուի Հայ դատի պայքարը, Արցախի բնակեցումը, որպէսզի չմարի երիտասարդներու ժողովուրդի պաշտպանը մնալու տենդը:

Այս բոլորը կատարեցին մեր բարերարները:

Ուրիշներ ալ ձեռնածալ մնացին ու դիտեցին: Դիտեցին, բայց չտեսան: Տեսան, բայց չշարժեցան:

Մեր բարերարներուն կողքին, կան սակայն միւսները եւս: Անոնք, որոնք մեր ազգային զանազան կառոյցներուն մէջ պաշտօնեայ են, գործավար, տնօրէն, ուսուցիչ, խմբագիր, քարտուղար, ակումբի հայրիկ: Պաշտօնեաներ, որոնք «պաշտօնեայ» չեն բառին առեւտրական հասկացողութեամբ, այլ ծառաներ` բառին բարոյական ըմբռնողութեամբ: Խօսիլ այս մասին երկար, վիրաւորանք է կատարուած աշխատանքին: Սակայն լռելը մէկ այլ հարուած է անոնց ճիգին: Ընթերցողը ի՛նք թող կշռադատէ մնացեալը:

Ու վերջապէս, զանգուածը հսկայ` մեր կամաւորներուն: Մեր միութեանց, կուսակցութեանց, ակումբներու տքնաջան աշխատաւորներուն: Այն օրիորդներուն եւ տիկիններուն, որոնք լծուած են բարեսիրական աշխատանքներու: Այն տղոց ու աղջիկներուն, որոնք ուրախութիւն կը տարածեն իրենց շրջապատին մէջ, երբ բեմ կը բարձրանան ու կը հարստացնեն ձեռնարկները: Այն երիտասարդ տղոց, որոնք ակումբներուն մէջ կը հսկեն մեր ժողովուրդի ապահովութեան: Այն լուռ աշխատողներուն, որոնք իբրեւ անծանօթ զինուոր իրենց համեստ քրտինքը եւ լուման կու տան կարիքաւորին: Այն մամիկներուն, որոնք իրենց աղօթքով միշտ բարիք կը խնդրեն սերունդներուն համար: Մեր բոլորին զաւակներուն, որոնք ցուրտ ձմեռին թռուցիկ, թերթ, շնորհաւորական քարտ կամ օրացոյց կը բաժնեն մեր տուներուն:

Ա՛յս է իրական հաշուեկշիռը մեր գոյութեան պահպանման համար կատարուած ներդրումին:

Եւ ինչո՞ւ դժգոհիլ: Ինչո՞ւ չհպարտանալ:

Գաւաթը լեցուն բաժինով տեսնենք յառաջիկայ տարի` պարապը աւելիով լեցնելու հեռանկարով եւ վճռակամութեամբ:

Վաղուան հաւատքով, երախտապարտ ենք մեր բարերարներուն: Անոնք տուին համոզումով, սրտով ու հոգիով: Նոյն հաւատքով կ՛ակնկալենք, որ այս փաղանգին միանան ուրիշներ եւս, որոնք տակաւին խուլ են ազգի կարիքներուն:

Այսօրուան համոզումով ու մեր ժողովուրդին նկատմամբ խոր հաւատքով երախտապարտ ըլլանք կամաւոր աշխատանքի բոլոր զինուորագրեալներուն եւ անոնց ազգանպաստ գործունէութեան:

Թող ընդլայնի շրջանակը սակայն, թող ուռճանայ բանակը մեր: Իւրաքանչիւրը ի՛ր դիրքին վրայ, բարերար, նուիրատու, կղերական, ուսուցիչ, գործատէր ու պաշտօնեայ, հողագործ, բանուոր թէ արհեստաւոր, աշակերտ եւ ուսանող, ամէն տարիքի այր ու կին, կուսակցական պատասխանատու թէ միութենական անդամ, բոլորը միասնաբար կազմած են մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ հզօրացման հիմերը:

Հող բռնեն ոսկի դառնայ:

Վարձքը կատար բոլորին:

Հսկայ է հարստութիւնը մեր: Հսկայ է ծառայելու կամքը:

2014-ին աւելին կրնա՞նք ընել:

Պիտի ընենք անպայման:

Հաւաքաբա՛ր:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES