Ճատրակ. Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Լիբանանահայ Մասնակցողները Արձանագրեցին Գոհացուցիչ Արդիւնքներ
Շաբաթ, 28 դեկտեմբերին աւարտեցաւ ճատրակի աշխարհի կրտսերներու ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն քաղաքին մէջ:
Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանան` իր ախոյեաններով:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին հինգ հայեր, որոնք արձանագրեցին գոհացուցիչ արդիւնքներ:
Ստորեւ` անոնց արձանագրած արդիւնքները.
Հրակ Լախեան` 5,5 կէտ, Նանօր Արնելեան` 4 կէտ, Ճիօ Գալուստ` 3,5 կէտ, Հրակ Գըլըպոզեան` 3,5 կէտ եւ Յուշիկ Գայմաքամեան` 3 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

