Խմբագրական. Երեք Առանցք

Ընկալեալ սովորութիւնը խախտելու պատճառ չունինք: Տարեփակ է, եւ «Ազդակ»-ը պէտք է յետադարձ հայեցողութեամբ լոյսին բերէ այն, ինչ որ իբրեւ կարեւորագոյն իրագործում յաջողեցաւ ընել եւ անշուշտ այն, ինչ որ չկրցաւ:

Անշուշտ այս տարուան մեծագոյն իրագործումը մեզի համար «Ազդակ»-ի խմբագրատան հիմնական վերանորոգումն էր եւ մանաւանդ «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնի բացումը մեր  յարկին տակ: Այս բարենորոգումները բնականաբար խմբագրատունը գեղեցկացնելու առաջնային նպատակը չէին հետապնդեր: Երիտասարդութիւն ներգրաւելու մեր քաղաքականութիւնը «Ազդակ»-ի հեռանկարային ծրագիրները ապահովելու համար էր: Արխիւի թուայնացումը իբրեւ անյետաձգելի  ծրագիր «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնին առջեւ դրուած առաջին մարտահրաւէրն էր: Ուրախ ենք «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն յայտնելու, որ «Ազդակ»-ի արխիւներու հսկայ հաւաքածոյի նկարահանումը թեւակոխած է իր վերջին փուլը: Արդէն իսկ նկարահանուած են  եւ միաժամանակ քանի մը ելեկտրոնային պահեստի մէջ ամփոփուած 1927-էն 1981-ի «Ազդակ»-ի հաւաքածոները: Քանի մը ամսուան աշխատանքէ ետք, արդէն կ՛անցնինք թուայնացման երկրորդ եւ երրորդ փուլերուն`  խտացման եւ որոնողական համապատասխան ծրագիրներուն:

Այս առաջադրանքին ուղղութեամբ «Ազդակ»-ի առած քայլը չէր վրիպած հայրենի թէ սփիւռքեան արխիւային կեդրոններու ուշադրութենէն, որոնց պատասխանատուներուն հետ ելեկտրոնային  արխիւներու փոխանակման խորհրդակցութիւններ կ՛ընթանան: Մամուլի եւ հայկական արժէքաբանութեան վերաբերող տարբեր նիւթերու ելեկտրոնային արխիւները այս ձեւով միաժամանակ պիտի պահուին հայրենիքի թէ սփիւռքի կարեւորագոյն կեդրոններու մէջ` նոր ուսումնասիրութիւններու համար ընձեռելով դիւրութիւններու աննախընթաց հնարաւորութիւններ:

Երիտասարդութեան ներգրաւման աշխատանքին ծառայեց նաեւ «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակի կառուցումը: Մինչ, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրասենեակը իր կարգին վերանորոգուելով անուանուեցաւ «Այտա Մուրատեան» խմբագրասենեակ: Մանկապատանեկան խաւի համախմբումը թերթին յաւելուածին միջոցով աւելի քան անհրաժեշտ հանգրուան է յառաջիկայ փուլին` երիտասարդութեան հաւաքագրման նախապատրաստութեան համար:  Իսկ յարմարութիւններով օժտուած խմբագրասենեակը պարզապէս կը ծառայէ այդ նպատակի իրագործման:

«Ազդակ»-ի ընթերցողները անպայման նկատեցին այն առողջ երեւոյթը, որ թերթին յանձնեցին «Քննական ոսպնեակ»-ի մեր երիտասարդ աշխատակիցները: Աւելի քան ողջունելի եւ ուրախալի երեւոյթներ էին «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ պարբերաբար գումարուող քննարկումներու նիստերը, որոնց մասնակիցները մեր յառաջադէմ ուսանողութեան ներկայացուցիչներն էին: Հայաստանեանէն սփիւռքեան եւ ներթրքական իրադարձութիւններէն մինչեւ լիբանանահայ գաղութի ամէնէն կարեւոր ու հրատապ խնդիրները դարձան օրակարգ «Քննական ոսպնեակ»-ի անդամներու հանդիպումներուն: Քննարկումներ, որոնք հրապարակագրական կարգով  հասան մեր ընթերցողներուն, տալով նաեւ գեղեցիկ նախաճաշակը երիտասարդական մակարդակի վրայ արձանագրուած լուրջ, հեռանկարային ու հրապարակային քննարկումներու: Կը գիտակցինք, որ այս գաղութին մէջ կայ համապատասխան կարողականութեան տէր, հրապարակագրական բառապաշարին տիրացած եւ քննական միտք ձեւաւորած երիտասարդ խաւ մը, որ մեր կառոյցներու ուշադրութեան կեդրոնին պէտք է յայտնուած ըլլայ:

Աւելցնենք նաեւ երիտասարդութեան ներգրաւման նպատակին ծառայելու կոչուած «Ազդակ»-ի գործուղումներու աշխուժացման բաժինը: Հաստատելու համար, որ Ցեղասպանութեան թեմային յատկացուած գիտաժողովի մասնակցութեամբ, սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած երիտասարդ լրագրողներու պատրաստութեան դպրոցին մասնակցութեամբ, Պոլսոյ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կազմակերպած փոխճանաչողական եւ վարժողական բնոյթի ծրագիրներուն մասնակցութեամբ թէ լիբանանցի լրագրողներու հետ համատեղ գործուղուելով «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցները  իրենց հետ տարած են «Ազդակ»-ը տարբեր միջավայրերու մէջ ծանօթացնելու թղթածրարը եւ գործուղումներէն վերադարձին իրենց հետ բերած «Ազդակ»-ը նոր փորձառութիւններով օժտելու պարտականութիւնը:

Կը նկատուի արդէն, որ մեր ընթացիկ տարուան իրագործումներուն առանցքը երիտասարդութիւնն է, ինչպէս յայտարարած էինք անցեալ տարուան աւարտին: Կը գիտակցինք, որ այս մէկը աշխատանքին նախաբանն է միայն. նոյնպէս` որ հեզասահ եւ հանգիստ աշխատանք մը չէ, որ կը սպասէ մեզի:

Այսուհանդերձ, արխիւ-քննարկում-գործուղում  այս առանցքը պէտք է շարունակէ յատկանշել բացուող տարուան մեր աշխատանքներու հանրագումարը: Դասական, տպագիր մամուլի առաքելութիւնը կ՛ապրի որոշ դիմափոխութիւն` պահելով անշուշտ գաղափարախօսական խորքը: Օրաթերթ տպելուն առընթեր կայքը, արխիւը, լսարաններու եւ քննարկումներու կազմակերպումը, գործուղումները, ծրագիրներու համար հովանաւորներու ապահովումը եւ արհեստագիտութեան ընձեռած բոլոր կարելիութիւններու լիարժէք օգտագործումով թերթին բովանդակութիւնը հասանելի դարձնելու պարտականութիւնը այսօր հայ մամուլէն ակնկալուած ընթացիկ աշխատանքներ են:

Մեր հիմնական բացթողումը լրագրական արհեստավարժ մարդուժի պատրաստութեան խնդիրն է, որ սուր կերպով կը դրուի: Բազմակի իմաստներով, որովհետեւ եթէ ոչ հայ լրատուամիջոցը առաւելաբար կը յենի միայն մասնագիտական որակին վրայ, հայկականը կը պահանջէ մասնագիտութեան առընթեր հայերէնի իմացութիւն, քաղաքական եւ գաղափարախօսական պատրաստութիւն, միջազգայինին առընթեր հայկական տարածքներու վրայ արձանագրուող իրադարձութիւններուն շատ մօտէն տեղեկացուածութեան բարձր աստիճան: Իսկ այս բոլորը ոչ անպայման գրաւիչ պայմաններով ասպարէզի մը խոստումին դիմաց:

Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրուին այսօր «Ազդակ»-ի  լեզուական սայթաքումները, վերլուծական ինքնագիր յօդուածներու պակասի երեւոյթը, լրագրողականութեամբ յատկանշուած ռեփորթաժներու ոչ աչքի զարնող քանակը, քաղաքական ոլորտէն մինչեւ մարզական էջերու նկատմամբ մեր ընթերցողներու փոխանցած յաճախ արդարացի դժգոհութիւնները:

Երկարաշունչ ծրագիրներու մասին է խօսքը: Հայ մամուլի յառաջատարութեան հանգամանքի պահպանման համար «Ազդակ»-ը պէտք է յաջողի յաղթահարել ա՛յս դժուարութիւնը եւս: Որուն համար ալ կ՛ապաւինի իր շուրջ համախմբուած մամուլի գործիչներուն, նուիրատուներուն եւ ընդհանրապէս հայ մամուլի առաքելութեան հաւատացողներուն:

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ:

Share this Article
CATEGORIES