ՄԱՐԶԻՉՆԵՐՈՒ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Ա. ԷՍ. ՌՈՄԱՅԻ կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ սպանացի միջազգային նախկին միջնապահ Լուիս Էնրիքէ նշանակուեցաւ ակումբի մարզիչ` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ ետք:

Իտալական ակումբը յայտարարեց, որ ան 2011-2012 տարեշրջանին պիտի գանձէ 2,9 միլիոն եւրօ, իսկ 2012-2013 տարեշրջանին` 3,1 միլիոն եւրօ: Ան յաւելեալ նիւթական պարգեւ ալ պիտի ստանայ, եթէ խումբը առաջնակարգ կազմերուն շարքին ըլլայ:

41 տարեկան Էնրիքէ, որ նախապէս իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի, նախքան իր նոր պաշտօնը ստանձնելը Պարսելոնայի Բ. խումբին մարզիչն էր:

Նշենք, որ Ա. Էս. Ռոմայի նախկին մարզիչն էր Վինչենցօ Մոնթելլա:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ֆութպոլի Լիոն ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ մարզիչ Քլոտ Փիւյել լքեց իր պաշտօնը` նախորդ տարեշրջանին ախոյեանութիւնը երրորդ դիրքին վրայ աւարտած ըլլալուն համար:

Նախորդ ամիս ֆրանսական մամուլը կ՛ըսէր, որ Լիոնի նոր մարզիչը պիտի ըլլայ Ժան Ֆերնանտեզ, որ սակայն նախընտրեց միանալ Նանսիի:

Կը կարծուի, որ մինչեւ նոր մարզիչի մը նշանակումը ակումբին կողմէ ժամանակաւոր մարզիչ մը պիտի նշանակուի:

Նշենք, որ նախքան Փիւյելի ժամանումը (2008 տարուան կիսուն), Լիոն յաջորդաբար եօթը անգամ (2002-էն 2008) հանդիսացաւ Ֆրանսայի ախոյեան:

ՓՈՐԹՈՅԻ պատասխանատուներ յայտնեցին, որ ճիշդ չեն գտներ փորթուգալեան մամուլին կողմէ հրապարակուած այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն, Չելսի իրենց հետ բանակցութիւններ կը կատարէ` իր կազմին միացնելու համար խումբին մարզիչը` Անտրէ Վիլաս Պոասը:

Փորթուգալեան երեք օրաթերթեր շաբաթասկիզբին յայտնեցին, որ Չելսի համաձայն է Փորթոյին վճարել 15 միլիոն եւրօ` ձեռք ձգելու համար անոր 33 տարեկան մարզիչը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES