ԳԷՈՐԳ ՊԱՏԱԼԵԱՆ ՕՍԹՐԱՒԱ ՓԱՆԻՔԷՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒԵՑԱՒ ՄՈՍԹ ՓԱՆԻՔ

Գէորգ Պատալեան

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի յառաջապահ Գէորգ Պատալեան Օսթրաւա քաղաքի Փանիք խումբը լքելով փոխանցուեցաւ Մոսթ քաղաքի Փանիք, յայտնեց վերջինիս պաշտօնական կայքէջը:

Օսթրաւա Փանիք, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Չեխիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան, նախորդ տարեշրջանին ոչ այդքան տպաւորիչ արդիւնք արձանագրելով դժուարութեամբ մնաց բարձրագոյն դասակարգ:

Նշենք, որ Մոսթ Փանիք իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, սակայն հակառակ այդ իրողութեան, Պատալեան, որ վերջերս բաւական տպաւորիչ արդիւնք կ՛արձանագրէր, փափաքեցաւ միանալ անոր:

Share this Article
CATEGORIES