Վերանորոգուած «Ազդակ»-ը`Վերանորոգ Կորովով
Ն. Բ.
2013-ին «Ազդակ»-ի կեանքն ու առօրեայ յատկանշուեցան վերանորոգութիւններով, խմբագրական բաժանմունքներու վերաձեւաւորումով եւ «Ժիրայր Պուտագեան մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի, «Այտա Մուրատեան» խմբագրասենեակին եւ «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակի հաստատումով, նաեւ` անոնց բացման հանդիսաւոր արարողութիւններով:
Երեք կառոյցներուն ալ կարեւորութիւնը մեծ է, սակայն մերօրեայ իրականութեան եւ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման պահանջներուն բերումով շատ իւրայատուկ է «Ժիրայր Պուտագեան մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ին ստեղծումը, որովհետեւ հոն արդէն իսկ տեղի կ՛ունենան «Ազդակ»-ի հին թիւերու թուայնացման աշխատանքները, որոնք իսկական կարիքի վերածուած էին` նկատի ունենալով, որ 86 տարեկան «Ազդակ»-ի յատկապէս առաջին տարիներու թիւերը արդէն իսկ սկսած էին հնամաշ վիճակի մէջ յայտնուիլ: Տակաւին կայ այն, որ հին թիւերէն յօդուած կամ լուր փնտռելը բաւական բարդ գործողութիւն մըն է, իսկ ընթացող թուայնացման աշխատանքներուն շնորհիւ` այդ մէկը աւելի դիւրին ու արդիական պիտի դառնայ: Նշենք, որ «Ազդակ»-ի մինչեւ 1975 թուականի հաւաքածոները արդէն նկարահանուած են` ամբողջացնելով թուայնացման աշխատանքի առաջին հանգրուանը:
Ասոր կողքին, «Ազդակ» շարունակեց իր ընթացիկ աշխատանքները` փորձելով քայլ պահել ներքին ու արտաքին ճակատի վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ, ըլլալով անոնց արձագանգողը, կայքէջի հայերէն ու արաբերէն լեզուներով տարբերակները շարունակեցին հասնիլ աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան, ինչպէս նաեւ` արաբ հասարակութեան, այս տարի սկսան տեսագրուած եւ համացանցի միջոցով մեր ընթերցողներուն ներկայացուած զրոյցները:
Սուրիական շարունակուող պատերազմին բերումով նաեւ սուրիահայութեան ապրած կացութիւնը եւ առօրեան իր ընթերցողներուն ներկայացնելու միտումով «Ազդակ» շարունակեց մնայուն կապ հաստատել հոն գտնուող իր թղթակիցներուն հետ:
Գործուղումները եւս իրենց տեղն ու արժէքը ունեցան այս տարուան ընթացքին, որովհետեւ անձնակազմի վերաորակաւորման իմաստով անոնք ունին իրենց իւրայատկութիւնը:
«Ազդակ»-ի 85-ամեակ.
«Ժիրայր Պուտագեան» Մամլոյ
Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի Բացումով
15 մարտին, ճիշդ այն օրերուն, երբ «Ազդակ» ամբողջացուց իր հիմնադրութեան 85-ամեակը, հանդիսաւոր ձեռնարկով մը բացումը կատարուեցաւ «Ազդակ»-ի վերանորոգուած խմբագրատան եւ «Ժիրայր Պուտագեան մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ին, որուն հիմնադրութեան նպատակն է առիթ տալ գրասէրներուն եւ յատկապէս երիտասարդներուն` «Ազդակ»-ի յարկին տակ իրենց պրպտումներն ու ուսումնասիրութիւնները կատարելու:
«Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Վահրամ Էմմիեան: Օրուան հանդիսավարն էր «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմի անդամ Նարէ Գալեմքերեան:
Ապա ներկաները դիտեցին «Ազդակ»-ի կեանքին 85 տարիները եւ տարբեր խմբագրատուներու երթը ամփոփող տեսերիզ մը:
Անկէ ետք յաջորդաբար խօսք առին «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի օրուան ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Վիգէն Յովսէփեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի հայոց թեմի օրուան առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, նորաբաց կեդրոնի հովանաւոր Սարգիս Պուտագեան:
Այս առիթով, Հայաստանի դեսպանը Սարգիս Պուտագեանին յանձնեց սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն` ոսկէ մետալը:
Իբրեւ երախտագիտութիւն` «Ազդակ»-ի նկատմամբ ցուցաբերած յատուկ վերաբերումին եւ տուեալ կեդրոնի հիմնադրութեան հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար, «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան «Ազդակ»-ի յուշանուէրը յանձնեց տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեաններուն
Այս առիթով յղուած Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորութեան խօսքը կարդաց Հայաստանի վարչապետի օգնական Նարեկ Գալստեան:
Ներկաները նաեւ լսեցին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին պատկերասփռուած ուղերձը:
Այս առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած էին Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը, Մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» հիմնադրամը, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահութիւնը, Արցախի Մամլոյ ակումբի նախագահութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնութիւնը, Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը, Մխիթարեան միաբանութեան վարչութիւնը, Հայաստանի Ազգային արխիւը, Փարիզի «Չոպանեան հիմնարկ»-ը, «Ազդակ»-ի բացառիկներու հովանաւոր Ալեքքօ Պեզիքեան:
Քաջալերելու համար նորաբաց այս կեդրոնին աշխատանքները` տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեաններ «Ազդակ»-ի ֆոնտին նուիրեցին 5 հազար տոլար. նոյն նպատակով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Ազդակ»-ի ընթերցողները նուիրեցին 15 հազար տոլար:
● Յաջորդող ամիսներուն, նախապէս գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան մամուլի ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ին տրամադրեց շուրջ քսան արեւմտահայ հազուագիւտ մամուլի օրինակներ, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձող արտասահմանեան մամուլի շուրջ 100 թերթերու թուայնացուած նիւթերու հաւաքածոն:
● «Ժիրայր Պուտագեան կեդրոն ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ին մասնագիտական աշխատանքներուն լծուեցաւ Թալին Գալայճեան: «Ազդակ»-ի արխիւներու թուայնացումը պիտի անցնի 3 հանգրուաններէ: Առաջինը` թերթերու լուսանկարչութեան հանգրուանն է, ուր էջ առ էջ պիտի նկարուին թերթերը: Երկրորդ հանգրուանը պիտի ընդգրկէ թեքնիք աշխատանքը, այսինքն` լուսանկարներուն ուղղութիւնը շտկել, կտրել եւ վերանուանել: Վերանուանումը պիտի դիւրացնէ ուսումնասիրողին գործը, որ պարզապէս իր փնտռած թերթի տարեթիւը եւ էջը դնելով փնտռտուքի յատուկ բաժինին մէջ պիտի յաջողի գտնել զայն: Երրորդ հանգրուանը կը նախատեսէ որոնելի դարձնել այս արխիւները յատուկ ծրագիրի մը միջոցով, եւ ուսումնասիրողը պիտի կարենայ յօդուածի մը վերնագիրը կամ յօդուածագիրին անունը դնելով` իր փնտռտուքը կատարել: Այս արխիւները պիտի պահուին տի. վի. տի.ներու եւ հարտ տիսքի վրայ` իւրաքանչիւր տարին մէկ տի. վի. տի.ի վրայ:
«Ազդակ»-ի 85-ամեակի
Նշում Ռուսիոյ Մէջ
Մարտին Ռուսիոյ Նիժնի Նովկորոտի Ն. Ի. Լոպաչեւսքիի անուան պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքին Հայագիտական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի 85-ամեակին նուիրուած երեկոյ, որուն մասնակցեցան հայեր եւ օտարներ: Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Լիբանանի սփիւռքահայ համայնքի կեանքին եւ անոր մէջ «Ազդակ» թերթին ունեցած դերին մասին ժապաւէն մը: Նիժնի Նովկորոտի «Կամուրջ» ալմանախի գլխաւոր խմբագիր Լիանա Զախարեանը ներկաներուն պատմեց Լիբանան կատարած իր այցելութեան մասին:
«Այտա Մուրատեան» Եւ
«Արսէն Չաղլասեան» Անունները Կրող Սենեակներու
Բացում` «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Յարկին Տակ
Մայիս 17-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ բացումը կատարուեցաւ «Այտա Մուրատեան» խմբագրասենեակին եւ «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին:
Բացման արարողութենէն ետք «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ այս առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որուն բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան:
Ապա խօսք առին «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան, «Քալիֆորնիա Քուրիըր»-ի խմբագիր Յարութ Սասունեան, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուական վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, Երեւանի պետական համալսարանի հայկական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն տոքթ. Մհեր Յովհաննիսեան: Չաղլասեան ընտանիքին կողմէ խօսք առաւ Նորա Չաղլասեան: Ապա Շահան Գանտահարեան Սեդա Չաղլասեանին յանձնեց «Ազդակ»-ի յուշանուէրը:
Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի օրուան առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:
«Ազդակ–Բացառիկ»-ներ Եւ
Գրական Թերթ
● 18 յունուարին, Երեւանի «Ուրբաթ» մամուլի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի 2013 թուականի «Ազդակ-բացառիկ» հատորին շնորհահանդէսը: Հատորը ներկայացուցին փորձագէտ, լրագրող Թաթուլ Յակոբեան եւ «Ազդակի»-ի 31-ամեայ աշխատակից, մշակոյթի բաժինի խմբագիր Մովսէս Հերկելեան:
«Ազդակ-բացառիկ»-ը շնորհահանդէսին ընթացքին տրամադրուեցաւ ասուլիսին ներկայ բոլոր լրագրողներուն: Թաթուլ Յակոբեան տեղեկացուց, որ հատորէն պիտի ուղարկուի նաեւ տարբեր կեդրոններ` Գրապալատ, Ազգային գրադարան եւ այլուր:
● Խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթական հերթականութեամբ, «Ազդակ»-ի տպագիր տարբերակի թիւեր ուղարկուեցան Երեւանի մամուլի «Ուրբաթ» ակումբ: Երեւանաբնակ սուրիահայերն ու լիբանանահայերը, ինչպէս նաեւ հայաստանցի ընթերցողներ այս ձեւով կարելիութիւն ունեցան թերթատելու եւ կարդալու «Ազդակ» օրաթերթի տպագիր տարբերակը:
● «Ազդակ»-ի բացառիկներու խմբագրակազմը, ինչպէս աւանդութիւն դարձուցած է, այս տարի եւս 24 ապրիլին հրատարակեց գիտահետազօտական, խորհրդածական, վերլուծական, ուսումնասիրական բնոյթի աշխատասիրութիւններէ բաղկացած բացառիկ թիւ մը` յատկացուած Հայոց ցեղասպանութեան: Հայրենիքէն, Լիբանանէն եւ սփիւռքեան այլ երկիրներէ պատմագէտներ, ցեղասպանագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ արխիւային կեդրոններու գիտաշխատողներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով հրատարակուող «Ազդակ»-ի բացառիկին: Սփիւռքեան աշխատակիցներուն առընթեր «Ազ-դակ» գոհունակութեամբ առաջին անգամ ըլլալով իր էջերուն տեղ տուաւ հայրենի ականաւոր ակադեմական, արեւելագէտ, փրոֆ. տոքթ. Նիկոլայ Յովհաննիսեանին եւ Գերմանիոյ ակադեմական շրջանակներուն մէջ ծանօթ անուն եւ Պոխումի համալսարանի ցեղասպանութեան բաժանմունքի տնօրէն տոքթ. Միհրան Տապպաղի յատկանշական գրութիւններուն: Նաեւ` Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի երիտասարդ գիտաշխատողներ Մելինէ Անումեանի, Ասիա Դարբինեանի եւ Գէորգ Վարդանեանի:
Տեղին է նշել, որ «Ազդակ»-ի բացառիկներուն հովանաւորութիւնը կը շարունակեն ստանձնել տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեանները:
● Գրական թերթը 2013-ին լոյս տեսաւ պարբերաբար. անոր մնայուն երթն ու ամսական դրութեամբ լոյս ընծայումը երաշխաւորելու նպատակով տէր եւ տիկին Գօգօ Եսայեան եւ տէր եւ տիկին Զոհրապ Քըւըրեաններ ստանձնեցին «Ազդակ գրական»-ի մէկ տարուան հրատարակութեան հովանաւորութիւնը:
Գործուղումներ
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմի անդամներ իրենց մասնակցութիւնը բերին լրագրողներու վերաբերող տարբեր նախաձեռնութիւններու` թէ՛ փորձառութիւն ձեռք ձգելու եւ թէ՛ իրենց ներդրումը ունենալու համահայկական կամ օտար միջավայրերու մէջ:
● 22-23 մարտին «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի եւ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու համակարգող պետական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Երեւանի «Անի փլազա» պանդոկի «Անի» սրահին մէջ կայացած «Հայոց ցեղասպանութիւն. մարտահրաւԷրներ հարիւրամեակի նախաշեմին» խորագիրով միջազգային գիտաժողովին:
Հայաստան գտնուած հանգրուանին «Ազդակ»-ի պատուիրակութիւնը 26 մարտին այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան, ուր հանդիպում ունեցաւ թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախորդ երկօրեայ գիտաժողովին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստութեան աշխատանքներուն, թանգարանի վերանորոգման ու ընդլայնման աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ փրոֆ.Վահագն Տատրեան:
Հայկ Դեմոյեանին հետ իր հանդիպումէն ետք «Ազդակ»-ի պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ «Սիվիլիթաս»-ի կեդրոն, ուր Շահան Գանտահարեանի ունեցած հարցազրոյցէն ետք «Ազդակ»-ի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, «Սիվիլիթաս»-ի տնօրէն Վարդան Օսկանեանին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ` եւ շրջանային ու միջազգային հարցեր:
● Յունիս ամսուան ընթացքին «Ազդակ» առիթը ունեցաւ անգամ մը եւս ուղղուելու Կիպրոս եւ բացայայտելու անոր զբօսաշրջական տարբեր շրջանները: Կիպրոսի զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ «Ազդակ»-ին յատկացուած հրաւէրով, լիբանանեան մամուլին մէջ գործող այլ լրագրողներուն հետ «Ազդակ»-ի լրագրող Արշօ Պալեան կարելիութիւն ունեցաւ չորսօրեայ ուղեւորութեան մը ընթացքին այցելել Կիպրոսի հիմնական շրջաններէն չորսը` Լառնաքա, Լիմասոլ, Փաֆոս եւ մայրաքաղաք Նիկոսիա: Թէեւ պտոյտը ունէր զբօսաշրջային բնոյթ, սակայն անիկա առիթ հանդիսացաւ, որ օտար լրագրողներ ծանօթանան «Ազդակ»-ին եւ անոր գործունէութեան:
● Երրորդ տարին ըլլալով` հետեւողական կերպով «Ազդակ» իր ներկայացուցիչով կը մասնակցի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած երիտասարդ լրագրողներու յատուկ դասընթացքին: Այս տարի «Ազդակ»-ը ներկայացուց «Հայրենի կեանք» էջի աշխատակից Մարինա Համամճեան: «Ամառնային դպրոց 2013» ծրագիրի ծիրին մէջ կայացած լրագրողներու դասընթացքը սկսաւ 22 յուլիս 2013-ին եւ աւարտեցաւ` 2 օգոստոս 2013-ին: Դասախօսութիւններու եւ գործնական աշխատանքներու կողքին անոնք նաեւ այցելեցին տեսարժան վայրեր եւ պետական կառոյցներ:
● «Ազդակ»-ի «Քննական ոսպնեակ» խմբակի անդամներէն Տօնիկ Տօնապետեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 31 հոկտեմբերէն 6 նոյեմբեր Պոլսոյ մէջ ընթացք առաւ «Հրանդ Տինք հիմնարկ»-ի կազմակերպած յառաջատար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու երկխօսութիւնը: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէր հանդիպումներ թուրք լրագրողներու եւ քաղաքագէտներու հետ, ինչպէս նաեւ` այցելութիւններ պոլսահայ համայնքի կեդրոններ: Կատարուեցաւ նաեւ երկօրեայ այցելութիւն Տիգրանակերտ: Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ֆինանսաւորումով տեղի ունեցող իր տեսակին մէջ 5-րդը եղող ծրագիրին «Ազդակ»-ի ներկայացուցիչին կողքին նաեւ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցան սփիւռքէն Փարիզի «Նոր Յառաջ» եւ Պոսթընի «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթերու ներկայացուցիչները:
● Այս տարուան ընթացքին տեղի ունեցած Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի համակարգող մարմինին նիստերուն իր մասնակցութիւնը բերաւ մարմինի նախագահ, «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
Տարբեր Նիւթերով Տեսագրուած
Զրոյցներ
Այս տարուան ընթացքին «Ազդակ»-ի նոր նախաձեռնութիւններու կարգին էր համահայկական եւ ներազգային տարբեր նիւթերու վերաբերող տեսագրուած զրոյցներու կայացումը` հասարակական գործիչներու, մտաւորականներու, ազգայիններու, երիտասարդներու եւ այլ անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ: Հանդիպումները կայացան «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասրահին մէջ: Հետեւեալ զրոյցները վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
● 26 սեպտեմբեր. նիւթ` «Հայաստանն ու համարկումի մարտահրաւէրը». մասնակիցներ` Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, «Էրեբունի» կայքէջի սեփականատէր եւ գլխաւոր խմբագիր Ահարոն Շխրտըմեան եւ Յովիկ Յովհաննէսեան:
● 2 հոկտեմբեր. նիւթ` «Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններն ու մարտահրաւէրները». մասնակիցներ` Յունաստանէն հասարակական գործիչ Միհրան Քիւրտօղլեան, կրթական մշակ եւ մշակութային գործիչ Արմէն Իւրնեշլեան եւ Հայկազեան համալսարանի դասախօսներէն Լեւոն Աւետանեան:
● 3 հոկտեմբեր. նիւթ` «Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններն ու Հայ դատը». մասնակիցներ` Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, Դամասկոսէն Արաբ գրողներու միութեան անդամ, «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջի խմբագիր Նորա Արիսեան եւ Տօնիկ Տօնապետեան:
● 23 հոկտեմբեր. նիւթ` «Սրբադասումն ու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը». մասնակիցներ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դրան եպիսկոպոս Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, հայ կաթողիկէ պատրիարքութենէն Մանուէլ եպս. Պաթաքեան ու Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան:
● 6 նոյեմբեր. նիւթ` «Արեւմտահայերէնի դիմագրաւած հարցերը, իրավիճակը եւ զարգացման հեռանկարները». մասնակիցներ` Հիլտա Գալֆայեան` լեզուաբան եւ «Մաշտոց» միութեան հիմնադիր ու նախագահ, տոքթ. Արմենակ Եղիայեան` լեզուաբան:
●
12 նոյեմբեր. նիւթ` «Իսլամացուած հայերու երեւոյթը` պատմական հանգրուաններն ու թղթածրարի արդիականացման այժմէականութիւնը». մասնակիցներ` Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմական գիտութիւններու փրոֆ. Էդիկ Մինասեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեան:
● 18 նոյեմբեր. նիւթ` «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ քաղաքաշինութեան ծրագիրներ». մասնակիցներ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան եւ ԱՌԻ կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Մասիս Ալեքսանդրեան:
● 20 նոյեմբեր. նիւթ` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին հայութեան շառաւիղներուն վիճակը». մասնակիցներ` ազգագրագէտ, պատմական գիտութիւններու տոքթոր Յարութիւն Մարութեան եւ հրապարակագիր, մտաւորական Յակոբ Պալեան:
●
25 նոյեմբեր. նիւթ` «ԼԵՄ-ի 40-ամեակն ու հայ երիտասարդութիւնը». մասնակիցներ` ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեան, ԼԵՄ-ականներ եւ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթի խմբագրակազմի անդամներ Վարանդա Եագուպեան եւ Աշոտ Բագրատունի: Զրուցավար` «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան:
● 26 նոյեմբեր. նիւթ` «Հայ երիտասարդը եւ անոր դերը համահայկական իրականութեան մէջ». մասնակիցներ` ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սագօ Մկրտիչեան, Հայաստանէն` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահագն Մաթինեան, Արցախէն` երիտասարդական միաւորման պատասխանատուներէն Վահագն Տատայեան: Զրուցավար` Նորա Բարսեղեան:
● 6 դեկտեմբեր. Հայ դատի առնչուող հարցերուն շուրջ հարցազրոյց մը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց Վահրամ Էմմիեան:
Բոլոր զրոյցներուն տեսերիզները տեղադրուեցան «Ազդակ» օրաթերթի կայքէջին վրայ:
Աւելի Քան 320 Աշակերտներու
Մասնակցութեամբ` «Անսխալ Գրենք 2013» Մրցանք
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս շուրջ 320 աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ գրենք» մրցումին, որ տեղի ունեցաւ 1 դեկտեմբեր 2013-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 18 հայկական վարժարաններէ աշակերտներ. մասնակցող վարժարաններն էին` ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանը, ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, Ազգային Աբգարեան վարժարան, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարան եւ Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:
Մրցումի աւարտին մասնակիցներուն բաշխուեցաւ յիշատակի նուէր` տրամադըրւած «Ազդակ»-ի կողմէ:
Համացանցային Էջեր
Ազդակ», իր տպագիր տարբերակին կողքին, լայն հասանելիութիւն ունի նաեւ համացանցային տարբեր հասցէներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր տարբեր բնոյթն ու նպատակը: Յատկանշական էր, որ «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը աշխարհով մէկ արտացոլացնող եւ շատ արագ կերպով լուրերն ու յօդուածները համայն հայութեան հասանելի դարձնող www.aztagdaily.com-ը, որուն հովանաւորն է «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»-ը, 13 նոյեմբերին իր ընթերցողներուն ներկայացաւ վերաձեւաւորուած կերպով:
«Ազդակ»-ի կայքէջի արաբատառ բաժանմունքը` www.aztagarabic.com-ը, որուն հովանաւորն է Լեւոն Զեքի Ետալեան, իր կարգին շարունակեց իր աշխուժ աշխատանքները (Այս մասին նիւթը տեսնել առանձին):
«Ազդակ»-ի Դիմատետրի էջերը, որոնց միացած են ու անոր կը հետեւին տասնեակ հազարաւորներ, շարունակեցին կիզակէտը դառնալ նոր նիւթեր, տեսանիւթեր, լրատուութիւն, քննարկման վայր փնտռողներուն, որոնց թիւը բաւական մեծ է, եւ որոնց կարգին տիրական է երիտասարդութեան ներկայութիւնը:
Այլ Աշխատանքներ
● 27 մարտին «Ազդակ»-ի պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին մէջ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ներկայացնելու լիբանանահայութեան առջեւ դրուած խնդիրները, մարտահրաւէրներն ու հայապահպանութեան ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը:
Հանդիպումին աւարտին «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիրը սիրով ընդունեց Լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիքթոր Կատվալեանին ուղղած համագործակցութեան հրաւէրը:
● Յունիս 18-ին Երեւանի «Հրազդան» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի մամուլի ակումբի հեղինակած մրցանակաբաշխութիւնը. ճշդուած էր երեք անուանական մրցանակներ, որոնք կը կրէին լուսանկարիչ-լրագրող Ռուբէն Մանգասարեանի, լրագրողներ Վալերի Այդինեանի եւ Տիգրան Նաղդալեանի անունները: Տիգրան Նաղդալեանի անւան մրցանակը յանձնուեցաւ լրագրող, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին: Մրցանակը յանձնեց լրագրող-հրապարակախօս Յարութիւն Յարութիւնեանը:
● 16 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Ազդարար»-ի համահայկական խմբագրութեան արդէն աւանդութիւն դարձուցած «Յարութիւն Շմաւոնեան» մրցանակաբաշխութիւն:
Այս տարի «Յարութիւն Շմաւոնեան»-ի մրցանակ ստացան 13 հոգիներ, որոնց կարգին էր Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
● 29 օգոստոսին, «Ազդակ»-ի «Ա. Չաղլասեան» ժողովասրահին մէջ «Ազդակ»-ի «Քննական ոսպնեակ» երիտասարդական խմբակի անդամները հանդիպում ունեցան հայրենի «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի Արցախի լրագրող Լուսինէ Մուսայէլեանի հետ:
Հանդիպում-քննարկումին ընթացքին լրագրողը նախ ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող յատկապէս ընկերային եւ տնտեսական վիճակը, շեշտը դրաւ վերաբընակեցման աշխատանքներուն վրայ` յատուկ կերպով անդրադառնալով սուրիահայերուն կացութեան, անոնց համար ստեղծուած պայմաններուն, ինչպէս նաեւ` անոնց կողմէ Արցախի մէջ կատարուած ներդրումներուն:
Մամլոյ Լսարաններ
Այս տարի եւս շարունակուեցան «Ազդակ»-ի մամլոյ լսարանները, որոնք իրենց շուրջ համախմբեցին մտաւորականներ, մամլոյ գործիչներ, գրասէրներ, երիտասարդներ եւ ներկայացուած նիւթերով հետաքրքրուողներ:
2013-ին կազմակերպուեցան հետեւեալ մամլոյ լսարանները.
● Թիւ 78. 4 մարտ. նիւթ` «Ակօս» թերթն ու թաքուն հայերու երեւոյթը». զեկուցաբեր` «Ակօս»-ի հայերէն բաժինի խմբագիր Սարգիս Սերոբեան:
● Թիւ 79. 15 մարտ. նիւթ` «Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները». զեկուցաբեր` ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեան:
● Թիւ 80. 9 ապրիլ. նիւթ` «Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւնները եւ անոնց ազդեցութիւնը տարածաշրջանին վրայ». զեկուցաբեր` ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
● Թիւ 81. 8 մայիս.նիւթ` «Արեւմտահայոց հարցերու կեդրոնի գործունէութիւնը». զեկուցաբեր` Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազ Ալվրցեան:
●
Թիւ 82. 21 մայիս.նիւթ` «Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի գործունէութիւնը». զեկուցաբեր` հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան:
●Թիւ 83. 27 մայիս.նիւթ` «Ինտրա. կեանք եւ ճակատագիր». զեկուցաբեր` փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան:
● Թիւ 84. 7 յունիս. յայտնի մտաւորական Յարութիւն Իսկահատեանի «Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան» հատորաշարքի ներկայացում. ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տագեսեան:
●
Թիւ 85. 12 յունիս.նիւթ` «Գիւղատնտեսութեան բարեկարգման հարցը Արեւելեան Հայաստանի մէջ` 1917-1920». զեկուցաբեր` Միշիկընի համալսարանի (Տիրպոռն) դասախօս Արա Սանճեան:
● Թիւ 86. 11 նոյեմբեր.նիւթ` «Ճշմարտութեան սլաքը պատմական փորձին Եւ պատմագիտութեան միջեւ». զեկուցաբեր` փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան:
● Թիւ 87. 11 նոյեմբեր.նիւթ` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ մտածումներ եւ խորհուրդներ» ». զեկուցաբեր` Յարութիւն Մարութեան :
● Թիւ 88. 21 նոյեմբեր. Բաբգէն Սիմոնեան զեկուցեց բռնագրաւեալ Արեւմտեան Հայաստան կատարած իր ուխտագնացութեան տպաւորութիւններուն մասին:
Նորօրեայ կեանքն ու իրականութիւնը նոր պայմաններ կը պարտադրեն եւ պարտաւորութիւններու տակ կը դնեն նաեւ հայ մամուլը: Հակառակ այս բոլորին, հակառակ օրէ օր աւելցող դժուարութիւններուն եւ բազմացող մարտահրաւէրներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքը` իր ընթերցողները իբրեւ նեցուկ ու ապաւէն ունենալով, վճռական է շարունակելու երթը` փորձելով քայլ պահել նորօրեայ իրականութեան հետ, միշտ իբրեւ հիմք ու մեկնակէտ ունենալով 86 տարուան աւանդն ու ժառանգութիւնը:

