Դեսպանատան Մէջ Զէնքեր Յայտնաբերուեցան. Փրակայի Մէջ Պաղեստինի Դեսպանը Զոհ Գնաց Պայթումի Մը
Փրակայի մէջ Պաղեստինի դեսպան Ժամալ Ժամալ իր տան մէջ պատահած պայթումին պատճառով մահացաւ: Ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ դէպքը կը թուի արկած մը ըլլալ:
Ժամալ փորձած է 20-25 տարուընէ ի վեր կղպուած գանձարկղ մը բանալ: Չեխ ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ պայթումը գանձարկղի անվտանգութեան մէկ սարքին պատճառով կրնայ տեղի ունեցած ըլլալ:
Ժամալ վերջերս հաստատուած էր Սուչտոլ շրջանին մէջ գտնուող երկյարկանի տան մը մէջ: Պաղեստինցի պաշտօնատարներ նշեցին, որ ան գանձարկղը դեսպանատան հին շէնքէն նոր շէնք կը փոխադրէր:
Պաղեստինեան իշխանութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ հետաքննութեան օժանդակութեան համար պատուիրակութիւն մը պիտի ուղարկէ Փրակա:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ չեխ ոստիկանութիւնը պայթումէն մէկ օր ետք դեսպանատան մէջ զէնքեր յայտնաբերած է:

