ՃԱՏՐԱԿ. ԱՐՄԷՆ ԲՐՈՒՏԵԱՆ` ՊՐԱԶԻԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Նախանցեալ օր Ֆոզ տօ Իկուասուի մէջ (Պրազիլ) աւարտեցաւ Պրազիլի 18 տարեկանէն վար ճատրակի ախոյեանութիւնը:
Հայրենի 17 տարեկան երիտասարդ ճատրակ խաղացող Արմէն Բրուտեան տիրացաւ տիտղոսին` առանց պարտութիւն կրելու:
Ան յաջողեցաւ մրցաշարքը աւարտել առաւելագոյն 6 կէտէն 5 կէտ ապահովելով, ինչ որ կը նկատուի բացառիկ արդիւնք մը:
Իր կատարած այս իրագործումէն եւ տիտղոսին տիրանալէ ետք, այժմ Բրուտեան իրաւունք ունի ներկայացնելու Պրազիլը աշխարհի եւ ամերիկեան երտասարդներու ախոյեանութիւններուն:
CATEGORIES Մարզական