Լեւոն Հայրապետեան Կրնայ Յայտնուիլ Աքթոպէի Հետ

Լեւոն Հայրապետեան (աջին)

Լեւոն Հայրապետեան (աջին)

Իր լուրը քաղելով Sport.kz կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող 24 տարեկան յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան կրնայ մաս կազմել Ղազախստանի ախոյեան Աքթոպէի:

Նախորդ դեկտեմբերին, նախքան իր պայմանագիրը խզելը լեհական Վիցեւի հետ, Հայրապետեան ելոյթ ունեցած է Համպուրկի երկրորդ խումբին, Փիւնիկի, ինչպէս նաեւ լեհական Լեկիայի հետ:

Եթէ բանակցութիւնները հեզասահ ընթանան, ան շուտով պիտի միանայ Աքթոպէի, որուն ներկայիս մաս կը կազմէ Հայաստանի հաւաքականի յետսապահներէն Ռոպերթ Արզումանեան:

Share this Article
CATEGORIES