Էօզեպիօ Մահացաւ

EusebioՇաբաթ, 4 յունուար 2014-ի գիշերը մահացաւ փորթուգալցի անցեալի աստղ եւ յառաջապահ Էօզեպիօ: Ան 72 տարեկան էր:

Միջազգային մամուլը հաղորդեց, որ Պենֆիքայի նախկին ֆութպոլիստը սրտի հետ կապուած խնդիրներ ունէր:

Ան 11 անգամ հանդիսացած է Փորթուգալի ախոյեան:

1966-ին ան դառնալով 9 կոլի հեղինակ, մեծապէս օգտակար դարձաւ Փորթուգալի ազգային խումբին համար, որպէսզի նուաճէ Մոնտիալի պրոնզէ մետալը:

Իսկ ատկէ տարի մը առաջ ան ճանչցուեցաւ իբրեւ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը:

Share this Article
CATEGORIES