«Միջազգային Ճանաչման Հարցին Մէջ Արցախ Կ՛արձանագրէ Շօշափելի Յաջողութիւններ» Կ՛ըսէ Դաւիթ Բաբայեան

Դաւիթ Բաբայեան
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն ճանչնալու վերաբերեալ օրինագիծը, որ 6 յունուարին ներկայացուած է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանին, կ՛ապացուցէ, որ Արցախի միջազգային ճանաչման հոլովոյթը աշխուժ թափով առաջ կ՛ընթանայ: Ասիկա շատ կարեւոր եւ դրական հոլովոյթ է, որ նաեւ պիտի նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատման` Քալիֆորնիա նահանգին եւ Արցախի միջեւ: Բաբայեան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդը շնորհակալութիւն կը յայտնեն օրինագիծի հեղինակ Մայք Կաթոյին, որ մեծագոյն աշխատանք իրականացուցած է այս տարիներուն ընթացքին եւ նպաստած է Արցախի միջազգային ճանաչման հոլովոյթին:
Ըստ Բաբայեանի, Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները արդէն երեք տարուան պատմութիւն ունին եւ այդ ժամանակաշրջանին մէջ արձանագրուած են նաեւ առաջին յաղթանակները: «Ճանաչման հոլովոյթին մենք կը սկսինք ամէնէն ցած օղակներէն` քաղաքային համայնքներէն, նահանգներէն եւ կրնանք փաստել, որ հասած ենք լուրջ յաջողութիւններու: Միացեալ Նահանգներու 4 նահանգներ, Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգը ճանչցած են Արցախի անկախութիւնը: Հոլովոյթը սկսած է Քալիֆորնիոյ մէջ եւ շարունակական պիտի ըլլայ: Քալիֆորնիա նահանգին մէջ կան նաեւ քաղաքներ, որոնք արդէն ճանչցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Անոնցմէ վերջինը Ֆրեզնոն էր: Քանի մը տարի ետք այս հիմքին վրայ պիտի ըլլան լուրջ նախաձեռնութիւններ, որպէսզի Արցախը պետական մակարդակով ճանչցուի», ըսաւ Բաբայեան: Ան շեշտեց, որ Արցախի ճանաչման հոլովոյթը պիտի շարունակուի եւ տարուան ընթացքին այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ նոյնպէս պիտի ներկայացուին նմանատիպ օրինագիծեր. Այս առնչութեամբ հայկական կողմը կ՛աշխատի եւ կը ներդնէ իր ամբողջ ներուժը:
Անդրադառնալով ազրպէյճանական կողմի հակաքայլերուն եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան` Բաբայեան նշեց, որ հայկական կողմը հակադրելու ոչինչ ունի:
«Մեր փիլիսոփայութիւնը ուրիշ է: Մենք պիտի աշխատինք այս ուղղութեամբ, անկախ անկէ, թէ Ազրպէյճանը ի՛նչ դիրքորոշում ունի եւ ինչպիսի ջղագարութիւն կը ստեղծէ: Նման ջղագարութիւններու բարձրացումը կը նշանակէ, որ մենք ճիշդ ուղիի վրայ ենք եւ կ՛արձանագրենք շօշափելի յաջողութիւններ», նշեց Բաբայեան:

