Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ Համաձայնագիր Մը Ստորագրեց «Կուկըլ»-ի Հետ`
Իբրեւ Առաջին Ոչ Հասութաբեր Հայկական Միութիւն
«Կուկըլ»-ի Շնորհիւ Գործենք Աւելի Խելացի
Մօտեցումով Եւ Ոչ Թէ Աւելի Ժամանակ Տրամադրելով»

Լոս Անճելըս, 1 յունուար 2014.

Այսօր ՀՄԸՄ համաձայնագիր մը ստորագրեց «Կուկըլ»-ի հետ, իբրեւ առաջին հայկական ոչհասութաբեր միութիւն, օգտուելու «Կուկըլ»-ի տրամադրած արհեստագիտական դիւրութիւններէն: Սոյն համաձայնագիրով ՀՄԸՄ-ին պիտի տրամադրուին յատուկ դիւրութիւններ առաւել եւս զարգացնելու արհեստագիտական կարելիութիւնները: «Կուկըլ»-ը ՀՄԸՄ-ին պիտի տրամադրէ եռամսեայ համացանցային մարզումի ծրագիր մը` աշխատանքի յաջողութեան համար: Ծրագիրը պիտի սկսի 7 յունուար 2014-ին եւ համացանցային մարզումի շրջանը պիտի աւարտի 3 ամիս ետք:

ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանները պիտի ըլլան այս ծրագիրի առաջին օգտագործողները: Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը (ՀՄԸՄ) ունի աւելի քան 25,000 անդամներ` տարածուած 5 ցամաքամասերու մէջ: ՀՄԸՄ ունի 104 մասնաճիւղեր, որոնց 18-ն կը գտնուին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ` 6800 անդամական թիւով, իսկ 10 մասնաճիւղեր կը գտնուին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու մէջ` 2000 անդամական թիւով:

«Իբրեւ համաշխարհային կառոյց, անհրաժեշտ է, որ օժանդակենք տարբեր երկիրներու եւ մասնաճիւղերու մէջ գտնուող մեր միութենականներուն եւ պաշտօնէութեան, որպէսզի նոր կարելիութիւններով հաղորդակցին իրարու հետ եւ հետապնդեն ծրագիրներու իրագործման մանրամասնութիւններն ու ընթացքը: «Կուկըլ»-ի շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ իրագործել այս բոլորը», հաստատեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի ներքին անդամական տուեալներու ծրագիրը («տաթապէյս») պիտի չազդուի այս ծրագիրէն, որովհետեւ «Կուկըլ» կարելիութիւնը չունի որեւէ ձեւով ստուգելու կամ փոփոխութիւններ ներմուծելու հոն: ՀՄԸՄ-ականներու անձնական տուեալները պիտի չփոխանցուին «Կուկըլ»-ին, հաստատեց Մկրտիչեան:

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 10-րդ Ընդհանուր ժողովը (սեպտեմբեր 2011-ին) որդեգրեց Ռազմավարական ծրագրաւորումի հոլովոյթին իրականացման քայլերը: Ռազմավարական ծրագրաւորումի զանազան մարտահրաւէրներուն ծիրին մէջ է նաեւ արհեստագիտական նորութիւններու հետապնդումը` օժանդակելու համար ՀՄԸՄ-ի զանազան աշխատանքներուն: «Կուկըլ»-ը ՀՄԸՄ-ին պիտի տրամադրէ նոր արհեստագիտական աշխատանքային կարելիութիւններ եւ դիւրութիւններ` նշուած նպատակներուն իրագործման համար:

«Ներքին աշխատանքներու դիւրութեան կողքին, «Կուկըլ»-ի ընծայած կարելիութիւններով կարելի պիտի ըլլայ մեր անդամները աւելի իրազեկ դարձնել ՀՄԸՄ-ի կայքին ու զիրենք մղելու, որպէսզի իրենց ներդրումը ունենան անոր յաջողութեան մէջ: Նաեւ կարելի պիտի ըլլայ յատուկ ծրագիրով (Analytics) հետապնդել եւ ստուգել ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը», նշեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Ռազմավարական ծրագրաւորումի ներկայացուցիչ Վիգէն Դաւթեան:

Ներկայիս 5 միլիոն առեւտրական հաստատութիւններ տարեկան դրութեամբ կը վճարեն 50 ամ. տոլար իւրաքանչիւր «Կուկըլ»-ի ծրագիրի գործածողի համար` օժանդակելու իրենց հաստատութեան աշխատանքներուն: «Կուկըլ»-ը ոչ միայն ձրիաբար այս կարելիութիւնները տրամադրեց ՀՄԸՄ-ին, այլ նաեւ երեք միութենականներ պիտի բոլորեն անվճար ուսուցողական եռամսեայ դասընթացք մը, շաբաթական 8 ժամուան դրութեամբ, 12 շաբաթներու վրայ երկարող: «Կուկըլ» պիտի հետեւի եւ պիտի մարզէ զանազան մասնաճիւղերէ 100 ՀՄԸՄ-ական անդամներ եւ պաշտօնեաներ` գործածելու իր համացանցային ծրագիրները, ինչպէս նաեւ յատուկ ուսուցողական լուրջ ու կարեւոր դասընթացք մը պիտի տրամադրէ 3 ՀՄԸՄ-ական համացանցային պատասխանատուներու, որոնց պիտի փոխանցուին «Կուկըլ»-ի զանազան ծրագիրներու (ինչպէս` AdWords, Analytics, You Tube եւ այլն) մասնագիտական գործածութեան մանրամասնութիւնները», յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Արհեստագիտական տեղեկատուութեանց յանձնախումբի ատենապետ Վիգէն Աբէլեան:

«Սոյն համաձայնութիւնը դրական փոփոխութիւններ պիտի յառաջացնէ եւ բանալին պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ի կամաւոր աշխատանքային ձեւը զարգացնելու դէպի համաշխարհային մասնագիտացած ձեւի», հաստատեց ՀՄԸՄ-ի Ռազմավարական ծրագրաւորումի գործադիր յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Աբրահամեան:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է կապուիլ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Ռազմավարական ծրագրաւորումի ներկայացուցիչ Վիգէն Դաւթեանին կամ [email protected] ե-նամակի հասցէին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES