«Երկրին Ապակայունութիւնը Կը Մղէ Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Ճիգ Չխնայելու» Շեշտեց Պըրրի

Փլամպլի եւ Պըրրի

Փլամպլի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին` ներկայութեամբ տեղեկատուական հարցերու իր խորհրդատուին` Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախկին նախագահ, դատախազ Ղալեպ Ղանեմ:

Միւս կողմէ, Պըրրի անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն, նշեց, որ խորհրդակցութիւնները դրական կերպով կ՛ընթանան: Ան ըսաւ, որ ինք նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի նշանակումէն անմիջապէս ետք անոր ըսած է, թէ ինք կը փափաքի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ նախարարութիւններու փոխանակում կատարել` մերժելով միայն մէկ բան, որն է կառավարութեան մաս կազմելու առումով այս կամ այն քաղաքական կողմի  լուսանցքայնացումը:

Պըրրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման չ՛ընդունիր, որ Հըզպալլան կամ քաղաքական այլ ուժեր մաս չկազմեն կառավարութեան:

«Երկրին ապահովական ապակայունութիւնն է, որ զիս կը մղէ ճիգեր թափելու` կառավարութիւնը անյապաղ կազմելու նպատակով, իսկ քաղաքական պոռնկութիւնը առիթ կու տայ, որ երկրին ապահովութիւնը պայթուցիկ վիճակի մատնուի», յայտնեց Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց նաեւ, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը տակաւին քննարկումի նիւթի չէ վերածուած` աւելցնելով, որ անիկա պիտի մշակուի դահլիճի կազմութենէն ետք:

Share this Article
CATEGORIES