Հայրենիք Մը Ամբողջ Կը Տողանցէ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Օրացոյցի Էջերուն Վրայ (Գաղութահայ Դիտարկումներ)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ա.
Ինչպէ՛ս չխանդավառուիլ եւ չզօրանալ` ի տես խումբ մը գաղափարապաշտ երիտասարդներու, որոնք պահ մը մէկդի էին դրած իրենց առօրեայ կեանքի գործերն ու զուարճանքները, եւ` օգտուելով Ամանորի տօնական օրերու ընձեռած կարելիութիւններէն եւ ուրախութիւն պատճառող ժամերէն, ճամբայ են ելած, ու իրենց շալակին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 2014-ի օրացոյցերը, բաժնելու համար հայահոծ շրջաններու մէջ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Աւանդութիւն դարձած այս ու նման իրողութիւններ ունին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի տարիքին (քառասնամեայ) չափ հնութիւն, որուն ենթահողը հայրենիքի ու ժողովուրդի ծառայութիւնն է առհասարակ, իսկ շարժառիթը` ազգային ու գաղափարական ներաշխարհի մը արտայայտութիւնը, ի մասնաւորի:
Իրօք, տասնամեակներ շարունակ օրացոյց պատրաստելու միտքն ու ցրուելու նախանձախնդիր մօտեցումը, եւ այս ճամբով դաշնակցական գիր ու գրականութիւն տարածելու, երիտասարդական այս կառոյցին թէ կատարած աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւն փոխանցելու, ինչպէս նաեւ` ազգային արժէքներուն տիրութիւն ընելու եւ պահպանելու խոր գիտակցութիւնը, միշտ ալ արժանացած են գաղութի հայութեան գուրգուրանքին, ուշադրութեան եւ աջակցութեան: ժողովուրդը սպասած է այդ հրատարակութեան, բայց մանաւանդ ապրած է ակնկալութիւնը այդ պարփակեալ էջերուն վրայ տեսնելու երիտասարդականի յատուկ խռովքն ու եռանդը, կեցուածքն ու դիմագիծը, պոռթկումն ու պահանջատէրի կամքը:
Մեր սեղանին վրայ եւ հայեացքին դիմաց է արդէն ԼԵՄ-ի այս տարուան օրացոյցը, որ մեզի կը ներկայանայ նորացուած տեսքով, մատուցման եղանակով եւ շեշտուած գաղափարայնութեամբ:
Տեսք, որուն հովանիին ներքեւ կը տողանցեն հայրենիքի շունչով եւ գեղեցկութեամբ յագեցած լուսանկարներ:
Մատուցման եղանակ, որով ակնդիրը մօտէն կ՛առնչուի արդի կեանքի արհեստագիտութեան ընծայած կարելիութիւններուն:
Հապա՞ գաղափարայնութիւնը, որ դաշնակցական երիտասարդին հիմքն ու սնուցիչ տարրն է, ապահով կռուանն ու անսայթաք ապաւէնը, պատկանելիութեան ու հաւատամքին հարազատ դրսեւորումը, մեզ` հաւաքաբար մարդկայնացնող եւ արիութեամբ պարուրող շտեմարանը:
Այլ ասած, ԼԵՄ-ականներ, պահելով հանդերձ օրացոյցի վերաբերող աւանդական հասկացողութիւններն ու խորքային արտայայտութիւնները, այս անգամ նորարար մտայղացք ու ոճաւորում ներմուծած են, որպէս պահանջք արդի կեանքի ընկալումներու:
Եւ իրապէս ալ, իրենց այս քայլով եւ վճռակամութեամբ կրցած են յաջողիլ, եւ ապահովաբար մեզի ցոյց տալ վերանորոգման խայծերու եւ ըմբռնումներու հարթակներ:
Մտածա՞ծ ենք բնաւ, որ, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի օրացոյցը իբրեւ քարոզչական սովորական երեւոյթ, իր մէջ պարփակած է նաեւ դաշնակցական մտածողութեան էական տարրեր, ինչպէս` ՀՅԴ Ծրագիր, աննման ֆետայիներու կեանքէն պանծալի դրուագներ, իրաւ մտաւորականներու տեսակէտներ, հայրենասէր արուեստագէտներու խորհրդածութիւններ, ազնուարիւն եւ պայքարի դաշտ նետուած երիտասարդներու մասին տեղեկութիւններ, որոնք այլապէս ալ սեփականութիւնն են դարձած մեր ժողովուրդին` իբրեւ ներկայութիւն եւ յիշողութեան դարպասում:
Եւ, այս առումով, այս տարուան օրացոյցը չի տարբերիր նախորդներէն, որովհետեւ իրենց հարազատութեամբ ներկայութիւն են Սարգիս Կուկունեանի, Կարնեցի Գարեգինի, Աւետիս Ահարոնեանի, Համազասպի, Տուրպախի, Քրիստափոր Միքայէլեանի, դաշնակցական Խեչոյի, Ռուբէնի, Վանայ Իշխանի, Կայծակ Առաքելի, Խանասորայ Իշխանի, Գարեգին Նժդեհի, Ռոստոմի, Շաւարշ Միսաքեանի, Դրոյի, Սիամանթոյի, Նիկոլ Աղբալեանի, Անդրանիկի եւ Եփրեմ Խանի նման անկրկնելի հերոսներու շունչն ու ոգին:
Ընկալեալ, ընթացիկ սովորութենէն դուրս գալով, այս տարուան օրացոյցը ունի աւելի վառ գոյներու, երանգներու եւ ձեւոյթներու շեշտ մը, որուն համար հարկ է գնահատանք արձանագրել:
Յայտնապէս, վերոնշեալ մօտեցումին կը յաջորդեն 12 ամսուան վրայ երկարած տարբեր լուսանկարներու համադրում մը, որոնք ունին գեղարուեստական շունչ, արհեստավարժի հմտութիւն, հայրենի հրաշալի բնութիւնն ու գեղեցկութիւնը արտայայտող ոգեկանութիւն, բռնագրաւեալ հայրենիքին կարօտը, համն ու հոտը ապրելու ուժականութիւն, այլապէս կենդանի յուշարարի կարողականութիւն, բայց մանաւանդ` պապենական հողի եւ իրաւունքի հանդէպ պահանջատիրական կեցուածքի խոր ու անսեթեւեթ գիտակցութիւն:
Յիրաւի, ակնդիրը պահիկ մը իր աչքերը յարած հայրենի հրաշափառ բնութեան տարբեր երանգներու գոյութեան (Վանայ լիճ, կապուտակ ու պայծառ երկինք, հնամեայ, բայց տոկացող խաչքարեր, կանաչապատ լեռներ, ջինջ ու զուլալ ջրվէժներ, հազարամեայ վեհ կոթողներ ու եկեղեցիներ, եւ այլն), որոնք անպայման որ կը լիացնեն իւրաքանչիւր հայու ներաշխարհը:
Բարեդէպ մտածումով մը, ԼԵՄ-ականները ուզած են յիշեցնել նաեւ (Խոպանի, Տերսիմի, Սուլուխի կամուրջին, Արտահանի, Նախիջեւանի, Ջաւախքի) պատկանելիութեան հարցը եւ կամ հոն` այդ հողերուն վրայ ապրող իսլամացուած հայերու դատն ու զարթօնքը:
Առինքնող եւ հոգեգրաւ լուսանկարներ, որոնք մեզ պէ՛տք է մղեն հարցադրելու, թէ արդեօք հետագայի հաշուոյն, իբրեւ վերանկախ պետականութիւն եւ ազգային համակարգ, ինչպիսի՞ միջոցառումներու հարկ է դիմել, ո՞ւր է մեր յանձնառութիւնը, եւ կամ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ազգային ռազմավարական ուղղութիւնը, ապահովելու համար ազգին դիմաց դրուած այլազան առաջադրանքներու կենսագործումը:
Միւս կողմէ, օրացոյցի էջերուն վրայ իրենց զգլխիչ եւ հոգեզմայլ տեսքով եւ բոյրով մեզ կը կախարդեն Լոռիի, Ղափանի, Սիսիանի եւ Արցախի Աստուածահրաշ գեղեցկութիւնները, ուր եւ ակնյայտ են մեր օրերու հերոսապաշտութեան արտայայտութիւններ, ըլլա՛յ ատիկա Գարեգին Նժդեհի նման մեծութիւններու նուիրուած յուշակոթողի կառուցումով թէ՛ արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին զոհուածներու շիրիմներու գոյութեամբ:
Անայլայլ հաւատացողն ենք, որ Քրիստափորի արդարատենչ կանչին, Ռոստոմի յեղափոխաշունչ կամքին, Նժդեհի հայրենապաշտ ներաշխարհին, Դրոյի ազգակերտ խոյանքին եւ Աղբալեանի մոլեռանդ ազգասիրութեան վաւերական ու վարակիչ ներուժին փայլքերն են, որ պիտի կարենայ աւելիով սպառազինել նորահաս սերունդի զաւակները, որոնց շարքին ԼԵՄ-ի մեր տղաքը:
Այս տարուան երիտասարդականի օրացոյցը այլապէս ալ մեզի յոյս ու կորով կը ներշնչէ:

