Միքայէլ Մանուկեան` Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր

MikaelՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախանցեալ օր տեղի ունեցած նիստին ընթացքին որոշում տրուեցաւ, որ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանին պիտի փոխարինէ Միքայէլ Մանուկեան:

Միքայէլ Մանուկեան ծնած է 10 ապրիլ 1967-ին, Երեւանի մէջ: 1986-ին աւարտած է Երեւանի Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանի գեղարուեստական ձեւաւորումի բաժանմունքը իբրեւ նկարիչ եւ 2000-ին աւարտած է Պետական մանկավարժական հիմնարկը: 1986-1988 ժամանակաշրջանին ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ: Ղարաբաղեան ազատամարտի սկիզբէն մասնակցած է պատերազմական գործողութիւններուն: 1992-էն մինչեւ 2002 աշխատած է «Երկիր» օրաթերթին մէջ` իբրեւ թղթակից, իսկ 2002 թուականին` ՀՅԴ Գերագոյն մարմինին մէջ իբրեւ կուսակցական կազմակերպական աշխատանքներու պատասխանատու: Պարգեւատրուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան «Շուշիի ազատագրման համար», «Մարշալ Բաղրամեան» եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան «Մարտական ծառայութեան» մետալներով: 2002-2007 եւ 2010-էն մինչեւ այսօր ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի նախագահն է: 12 մայիս 2007-ին Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընտրուած է համամասնական ընտրակարգով` ՀՅ Դաշնակցութենէն:

Ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակներ:

 

Share this Article
CATEGORIES