Ալլեկրի Պաշտօնազրկուեցաւ

allegriԱյս տարեշրջանին իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով, Ա. Սէ. Միլանի մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի պաշտօնազրկուեցաւ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքէջը:

46 տարեկան Ալլեկրի պաշտօնազրկուեցաւ «Սերի Ա.»-ի 19-րդ հանգրուանին, Սասուոլոյէն խումբին կրած պարտութենէն (4-3) քանի մը օր ետք:

2010-ին Ա. Սէ. Միլանի մարզիչի պաշտօնը ստանձնած Ալլեկրի յաջողեցաւ նոյն այդ տարին հանդիսանալ Իտալիոյ ախոյեան:

Նշենք, որ ցարդ իր կատարած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ Ա. Սէ. Միլան 22 կէտով կը գտնուի 11-րդ դիրքին վրայ:

Ըստ շրջան ընող լուրերուն, եօթը անգամ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Ա. Սէ. Միլանի մարզիչ կրնայ նշանակուիլ ակումբի նախկին միջնապահ Քլարենս Սիտորֆ, թէեւ հոլանտացին որեւէ խումբի մարզիչի պաշտօն չէ ստանձնած ցարդ:

Share this Article
CATEGORIES