Լիվորնօ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիվորնօ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Տաւիտ Նիքոլան, «Սերի Ա.»-ի մրցումներուն անոր արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Նախորդ տարեշրջանին փլէյօֆի մրցումներ կատարելէ ետք «Սերի Ա.»-ի խումբերուն միացած Լիվորնօ, որ այժմ կը գրաւէ 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը, վերջին ութ մրցումէն յաջողած է ապահովել միայն կէտ մը:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Լիվորնօ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փարմայէն:
CATEGORIES Մարզական

