Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնին Տարեկան Համագումարը

cyclingԳլխաւորութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի եւ մնացեալ անդամներուն, ֆետերասիոնը գումարեց իր տարեկան համագումարը` մասնակցութեամբ վեց ակումբներու, որոնք իրաւունք ունին մասնակցելու համագումարին:

Ներկաներուն ուղղած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ, ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան շնորհաւորեց բոլորը` 2013 տարեշրջանը նկատելով շատ արդիւնաւէտ:

Ան ըսաւ, որ Պայքաթոն Պէյրութի, Ժիպէյլի եւ Ժեզզինի մրցումները եղան սքանչելի, որովհետեւ անոնք ի մի խմբեցին աւելի քան 2500 մասնակցողներ:

Ապա ան յաջորդաբար նշեց Լիբանանի` Ասիոյ 5-րդ դիրքը գրաւելը, 23 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցութիւնը, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէէն շնորհաւորագիր ստանալը եւ այլ կարեւոր իրադարձութիւններ:

Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք ֆետերասիոնին բոլոր գործունէութիւններուն մէջ իրենց շինիչ դերը ունեցան եւ օժանդակեցին անոր` արձանագրուած բոլոր յաջողութիւններուն ընթացքին:

Աւարտին բոլորը միաձայնութեամբ վաւերացուցին 2013 տարուան գործունէութիւնը:

Նշենք, որ մարզիկներու փոխանցման համար ճշդուած թուականն է 14 յունուարէն 14 փետրուար 2014:

Share this Article
CATEGORIES