Շումախըրի Վիճակը Կը Բարելաւուի. Ան Կրնայ Դուրս Գալ Մահաքունէն
Սպանական մամուլը Գերմանիայէն տեղեկութիւններ ստանալով կը յայտնէ, որ եօթը անգամ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած գերմանացի վարորդ Միքայէլ Շումախըրի վիճակը կը բարելաւուի եւ ան շուտով կրնայ դուրս գալ մահաքունէն:
Նշենք, որ ան կը շարունակէ մնալ Ֆրանսայի Կրենոպլը քաղաքի հիւանդանոցին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

