Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք` Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

garabedՀայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով երէկ` կիրակի` 19 յունուար 2014-ին, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ աւանդական մատաղօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդին, կեանքին եւ ունեցած գործունէութեան վրայ: Ան յայտնեց, որ Յովհաննէս Մկրտիչ Աստուծոյ կողմէ ուղարկուած առաքեալ մըն էր, որ խօսելով ժողովուրդը պիտի պատրաստէր ընդունելու եւ ընկալելու զԱստուած: «Ան կը հրաւիրէր ժողովուրդը, որ իր հաւատքին, աստուածապաշտութեան եւ կրօնական երկիւղածութեան մէջ չըլլայ ձեւական, այլ գործով արտայայտէ այդ բոլորը», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը բացատրեց ապաշխարութեան իմաստը: «Ապաշխարել կը նշանակէ գիտակցիլ, թէ մենք մարդ ենք, սխալական ենք, ենթակայ ենք սայթաքումներու եւ անկումներու, սակայն մենք գիտենք, թէ կեանքի որեւէ հանգրուանին գիտակցական շարժումով վերստին կրնանք դառնալ Աստուծոյ», յայտնեց սրբազանը` կոչ ուղղելով ներկաներուն, որ ապաշխարեն եւ ականջ տան Աւետարանէն մեզի հասնող պատգամին` գիտակցելով եւ անդրադառնալով, որ հաճոյալից այս աշխարհի պայմաններուն մէջ անկումներու քովէն կ՛անցնինք, որովհետեւ աշխարհը մեզ կը հեռացնէ եկեղեցիէն եւ մեր ազգային աւանդներէն: «Ապաշխարենք գտնելու համար հարազատը, ճշգրիտը եւ Աստուծոյ համար ընդունելին», եզրափակեց Շահէ եպս. Փանոսեան:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Պէաթրիս Պչաքճեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ Սիրոյ սեղան:

Օրուան հանդիսավար, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ դպրապետ Խաժակ Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ ասիկա թեմի առաջնորդին առաջին այցելութիւնն էր շրջան եւ ան պատարագը մատուցած էր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով:

Եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Արտաշէս Գասարճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հայաշէնի ժողովուրդը միշտ նեցուկ կանգնած է իր շրջանի եկեղեցւոյ եւ դպրոցին, որ փակուած է ներկայիս` աւելցնելով, որ հայաշէնցիներու կեանքին մէջ հաստատուած է ընտանեկան հասկացողութիւն, սէր, միութիւն, նուիրում եւ հաւաքական աշխատանք:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Անայիս Կետիկեան` երգ, Երուանդ Քէշիշեան` երգ եւ Մարալ Վարդապետեան` ասմունք:

Աւարտին խօսք առաւ առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ եկեղեցւոյ եւ ազգային կառոյցներուն շուրջ գտնուողները կը գիտակցին, թէ իրենց հաւատքով, նուիրումով եւ զոհաբերութեամբ կրնան յաղթահարել ամէն ինչ եւ նայիլ դէպի փայլուն ապագայ: «Մաղթանքս է, որ ձեր նուիրումը այս եկեղեցւոյ նկատմամբ մնայ նոյնքան հարազատ, նոյնքան զօրեղ, ինչպէս որ էր պարագան ձեզ նախորդող սերունդներուն մօտ», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ եկեղեցին մէկ ամբողջութիւն է, մեր հաւաքական ձգտումներուն եւ իտէալներուն մարմնացումն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES