ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ՕԴԱՆԱՒԻ ՋԱԽՋԱԽՈՒՄ ՄԸ 44 ԶՈՀ ՊԱՏՃԱՌԵՑ
«Ռուսէր» օդանաւային ընկերութեան պատկանող եւ Մոսկուայէն Քարելիոյ մայրաքաղաք Փեթրոզավոտսք թռիչք կատարող «Թու-134» օդանաւի մը ջախջախման պատճառով նախանցեալ օր արձանագրուած են 44 զոհեր, որոնց շարքին է Ուքրանիոյ քաղաքացի Վահրամ Սիմովեանը:
Օդանաւի 52 ճամբորդներէն փրկուած են 8 հոգի, որոնց շարքին` երեխայ մը:
Նախնական տուեալներուն համաձայն, օդանաւը թանձր մշուշի պատճառով չէ հասած էջուղի եւ ջախջախուած է ատկէ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող մայրուղիին վրայ:
CATEGORIES Հայկական

