ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ լիբանանցիները արիւնաքամ դարձուցած եւ աղքատացուցած իւրաքանչիւր պատասխանատու պէտք է բանտ նետուի:
ՊԵՆԶԻՆԻ թիթեղին սակը 100 լ. ոսկիի յաւելում արձանագրած է, մազութինը` 600 լ. ոսկիի յաւելում, իսկ պիւթակազը` 300 լ. ոսկիի յաւելում:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նետիմ ժեմայէլ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանանէն բացակայութիւնը մերժելի է: Ան շեշտեց, որ սիւննի համայնքի ղեկավարը պէտք է վերադառնայ Լիբանան:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը կը պահպանէ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան առումով Լիբանանի յանձնառութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Իսամ Ֆարես դրուատեց լիբանանեան կառավարութեան կազմութեան համար ի գործ դրուած ջանքերը` Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն մաղթելով ապահովական կայունութիւն:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող քաղաքական անձնաւորութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին կը յայտնէ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մնայուն կերպով պատրաստ է անսալու եւ կատարելու Սուրիոյ եւ Հըզպալլայի փափաքները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը պիտի փաստէ, որ կառավարութիւնը կը հսկէ երկրին մէջ արդարութեան բանեցման:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի իր կատարած այցելութիւնը` կառավարութեան կազմութեան առիթով, զայն շնորհաւորելու նպատակով էր: Միւֆթի Շաար աւելցուց, որ հանդիպումին ընթացքին վարչապետին հետ քննարկած է ապազինուած Թրիփոլի մը ունենալու անհրաժեշտ թղթածրարը, որուն առնչութեամբ համաձայն գտնուած է նաեւ վարչապետը: Ան շեշտեց, որ Թրիփոլի կարիք ունի զինք բաղկացնող բոլոր ուժերուն զօրակցութեան:

